ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին չփափաքեցաւ մաս կազմել ընտրական օրէնքին շուրջ ծաւալած բիւզանդական վէճին` սպասելով, որ կարելի կ՛ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը վերջնականացնել:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ցարդ առաջարկուած ընտրական օրէնքի բոլոր նախագիծերը ժամանակ լեցնելու համար էին, որովհետեւ հազիւ օրէնքի նոր տարբերակ մը կը հրապարակուէր, ճիգ չէր խնայուեր նախորդը թաղելու, մինչեւ որ ընտրական օրէնքի քննարկումը հասաւ «որակաւորման» տարբերակին:
Ան նշեց, որ քաղաքական ուժերուն մակարդակով ընտրական օրէնքներուն մասին կատարուած հաղորդակցութիւնները կը դրսեւորեն Լիբանանի դիմագրաւած աղէտն ու փորձանքը, որոնք կը գերազանցեն ընտրական օրէնքն ու սահմանադրական ժամկէտները` հասնելով լիբանանեան վարչակարգին եւ քաղաքական դաստիարակութեան` իւրաքանչիւր ղեկավարի կողմէ իր համայնքին շահերուն կառչած մնալու իրողութեան լոյսին տակ: «Ոչ ոք կը զիջի իր իրաւունքէն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հեգնեց քաղաքական կարգ մը պլոքներուն կողմէ հնչեղ կերպով արտայայտուած այն կեցուածքները, թէ իրենք պատրաստ են զիջելու` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապը, հաստատելով, որ ներկայացուցչութեան առումով կշիռ ներկայացնող քաղաքական կողմեր ո՛չ միայն կը մերժեն նոյնիսկ մէկ աթոռ կորսնցնել, այլ` իրենց ախորժակները կը սրեն աւելի համեստ ներկայացուցչութիւն ունեցող քաղաքական ուժերուն պատկանող աթոռները իւրացնելու:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ 15 մայիսէն առաջ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:
Ան հաստատեց, որ ինք անշեղ կը մնայ երկու տարի առաջ յայտարարած իր կեցուածքէն, որուն մէջ ան ներում հայցեց լիբանանցիներէն` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները դրական գնահատելուն համար:
Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ կատարուած այն յուշումին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կարելի է կատարել, Յ. Բագրատունի նշեց, որ իրեն համար անորոշ են Պքերքէի արձակած նշաններէն բխելիք քայլերը` հաստատելով սակայն, որ խորհրդարանի թափուր դրութեան եւ Տոհայի օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու պարագային, ինք կը նախընտրէ ընտրութիւնները, որոնք նուազագոյնը նոր խորհրդարանի մը կազմութեան պիտի յանգին:
«Կարելի չէ բաւարարուիլ ըսելով, որ այս հոսանքը կամ այն կուսակցութիւնը ոչ համայնքային է, որովհետեւ Լիբանանի վարչակարգը ինքնին համայնքային է: Օրին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի նախաձեռնութիւնը` ապահովական կառոյցներու պետերը տարբեր համայնքներէ նշանակելու իմաստով, շինիչ էր, սակայն ներկայիս այդ պաշտօնները վերածուեցան այս կամ այն համայնքին իրաւունքին, որուն պահպանումին ի խնդիր` համայնքները անզիջող կը մնան», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային դրութիւնը ջնջելը մօտիկ ապագային անկարելի է յաջողցնել: «Մենք պիտի շարունակենք «կլորցնել անկիւնները» եւ համաձայնութիւններու յանգիլ, որովհետեւ Լիբանան համաձայնութիւններու երկիր է», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց լիբանանեան համայնքներուն իւրայատկութիւնները յարգելու եւ անոնց միջեւ հաւասարութեան տրամաբանութեամբ վարուելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի ընտրական օրէնքի մշակումին:
«Ես կը պայքարիմ տիւրզի համայնքին իւրայատկութիւնը պահպանելու համար` մեկնելով Լիբանանի մէջ համերաշխութիւնը պահպանելու դիտանկիւնէն: Փոխադարձաբար, ուրիշներ պէտք է երաշխաւորեն հայութեան իւրայատկութեան պահպանումը Պէյրութէն Մեթն` հասնելով մինչեւ Զահլէ», նշեց Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը բարեսիրական հաստատութիւն չէ` աւելցնելով, որ զիջումներու հանգրուանը վերջ գտած է: «Մենք պիտի աշխատինք վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որ զոհ գնաց իրաւազրկող օրէնքներու եւ ներքին համաձայնութիւններու: 1992-ին եւ 1996-ին Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը բաղկանար եօթը երեսփոխաններէ, իսկ ներկայիս խորհրդարանին մէջ կան 6 հայ երեսփոխաններ, որոնցմէ 4-ը հայութեան քուէներով չեն ընտրուած», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ, եւ իբրեւ այդպիսին ան կը զօրակցի համամասնական ընտրական օրէնքին, որ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Ան խստիւ քննադատեց սակայն կարգ մը ուժերու կողմէ, իրենց շահերը պաշտպանելու նպատակով, համամասնական դրութիւնը «ընտրաշրջանները ձեւաւորելու» միջոցով աղաւաղելու քայլերը` շեշտելով, որ «ընտրական ցեղասպանութեան» օրէնքները մերժելի են:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց վաւերացնելու արդիական ընտրական օրէնք մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ հիմնել ժողովրդավար պետութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական եւ ազատութիւններու պետութիւն:
ՀՅԴ-ի դաշնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ընտրական դաշինքները սկզբունքով կը կազմուին համաձայն ընտրական օրէնքին, սակայն ՀՅԴ կառչած կը մնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երեսփոխան Միշել Մըրի եւ Ղովմի կուսակցութեան հետ իր դաշինքներուն:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին Մեթնի մէջ գոյանալիք դաշինքները պիտի թարգմանուին նաեւ Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ: «Լուսանցքայնացումն ու անիրաւութիւնը կտրականապէս պիտի մերժենք: Մենք պատրաստ չենք Մեթնի մէջ դաշնակցելու քաղաքական այնպիսի ուժի հետ, որ Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ մեզի մրցակից թեկնածուներ պիտի առաջադրէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ դաշնակցելու նշոյլները առկայ են` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւններուն փորձառութիւնը դրական կերպով ընթացած էր եւ ատոր շնորհիւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը արդար կերպով ողջունած էր «Պէյրութցիներ» ընտրացանկին քուէարկելու ՀՅԴ-ի յանձնառութիւնը:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները շատ լաւ են ու հեզասահ` նշելով, որ կարգ մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւնները ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդեն երկու դաշնակից ուժերուն յարաբերութիւններուն վրայ: Ան ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքներուն պատասխանատու չէ ՀՅԴ-ն, «բացի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի որոշումներէն ու կեցուածքներէն, նկատի ունենալով, որ համախմբումին մաս կը կազմենք եւ նկատի առնելով, որ համախմբումին նիստերուն կը մասնակցինք: Այս բոլորով հանդերձ սակայն, ոչ ոք մեզի կը պարտադրէ մեր առնելիք քայլերը կամ տալիք որոշումները», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները թափանցիկ են:
«Մենք մեր իւրայատկութիւններն ու անկախութիւնը կը պահենք, իսկ անոնք կը յարգեն մեր ազատութիւնը», շեշտեց ան` ընդգծելով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի մասնակցէր 14 ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանի նիստին եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին դէմ քուէարկէր, մինչ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ուղղուէր նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու եւ փողոցին մէջ ժողովրդավարական մագլցում կատարելու:
Անդրադառնալով Մարատա հոսանքին հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Մարատա հոսանքին եւ Մարատայի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրած է քաղաքական պայմաններուն, դաշինքներուն թէ ժխտական մեկնաբանուող կեցուածքներուն առումով:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը մերժէ որեւէ կեցուածք, որ կը միտի քաղաքական այս կամ այն ուժը լուսանցքայնացնել, «միաժամանակ կարելի չէ ըսել, որ Ֆրենժիէի դէմ պատերազմ յայտարարուած է, այլ պարզապէս կեցուածքներ ճշդուած են եւ անոնք կրնան վերատեսութեան ենթարկուիլ: Կարելի չէ նաեւ ակնկալել, որ Պաապտայի եւ Պնաշհիի միջեւ լարուածութիւնը շարունակուի: Ի վերջոյ հանրապետութեան նախագահը բոլորին հայրն է, իսկ Ֆրենժիէ ծանօթ է իր կատարեալ անկեղծութեամբ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: