Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկեպսակ Զետեղելով Նահատակաց Մատրան Առջեւ` «Մենք Մէկ Ժողովուրդ Ենք, Մէկ Դատ Ունինք, Մեր Ձեռքին Ունինք Մէկ Զէնք` Խաղաղութեան, Ազատութեան, Լայնախոհութեան Զէնքը» Ըսաւ Արտաքին Գործոց Նախարարը

April 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր Սուրբ Նահատակաց մատրան առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեց` ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն: Ան վեհարանին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ընկերակցութեամբ տեսակցութիւն ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուած հարցեր:

Ապա ան սրտի խօսք ուղղեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով կազմակերպուած հսկումի մասնակիցներուն` դիտել տալով, որ ուզած է հսկումին ներկայ ըլլալ, որովհետեւ հայն ու լիբանանցին մէկ պատմութեան, ներկայի եւ ապագայի զաւակներ են: Ան յիշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստան տուած այցելութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ, որովհետեւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ իր տեսած բոլոր լուսանկարներուն ընդմէջէն գիտակցած է, որ միացեալ պատմութիւն գոյութիւն ունի:

Նախարար Պասիլ հաստատեց, որ 1915 թուականին Լիբանան եւս հաւաքական սպանդի ենթարկուեցաւ, շրջափակուեցաւ, այդ պատճառով ալ մեծաթիւ քաղաքացիներ մեռան, ուրիշ մաս մը բռնագաղթեց` հաստատելով, որ այս պատճառով ալ իւրաքանչիւր լիբանանցի ընտանիքի մէջ կայ պարագայ մը, որ տուժած է այդ ժամանակաշրջանի ոճիրներէն, օրինակ բերելով իր մեծ հայրը, որ Լիբանանէն հեռացած է, տանջուած է, ուստի հայութեան վերաբերող այդ ողբերգութիւնը նաեւ առնչութիւն ունի լիբանանցիներուն:

Անոր համաձայն, միայն ապրիլ 24-ին չէ, որ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը կը յիշենք միասնաբար, այլ ամէն օր` պայքարելով գոյատեւման համար, որովհետեւ փորձ կայ նաեւ մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը ոչնչացնելու, քաղաքական ու տնտեսական բնաջնջման քաղաքականութիւն ի գործ դնելու, սակայն ամէն անգամ որ կը կարծենք, թէ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման դրինք, նոր մարտահրաւէրներ կը կարդացուին: Իր խօսքի աւարտին նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ ազատութեան եւ զայն պահելու ձգտումին համար է, որ սպանդներու եւ բռնութիւններու ենթարկուեցանք, սակայն միշտ ալ պիտի շարունակենք պայքարիլ ազատութեան համար, որքան ալ հալածուինք ու ճնշուինք: «Մենք մէկ ենք, մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ դատ ունինք, մեր ձեռքին պիտի ունենանք միայն մէկ զէնք` խաղաղութեան, ազատութեան, ուրիշի նկատմամբ լայնախոհութեան զէնքը: Բաւական վճարեցինք, հաւանաբար տակաւին վճարենք, սակայն ի վերջոյ ասիկա է մարդ արարածին կրած պատգամը, որ պիտի յաղթէ ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ»: (Նշենք, որ նախարարը նոյն գաղափարներէն մեկնած գրառում մը կատարած էր «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ):

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Զօրակցի Հայութեան Դատին

Յաջորդը

«Կը Սպասենք, Որ Եւրոպան Քաջ Կեցուածք Ունենայ Զինք Պախարակող Թուրքիոյ Նկատմամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.