Լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կողքին, մամուլը, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնական լրատուամիջոցները իրենց էջերուն եւ կայքերուն ընդմէջէն լայն անդրադարձ կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն:
«Լեպանիզ քորա» կայքի պատասխանատու Տընիզ Աթալլա-Հատտատ այս առիթով պատրաստած էր ընդհանուր թղթածրար մը, որ կ՛ընդգրկէր 5 յօդուածներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ խորագիրները. «Նոր Հայաստան»-ը` մշակոյթի, արուեստի եւ ստեղծագործներու զաւակը», «Լիբանանցիներու կողմէ «արտագաղթ»-ը Հայաստան եւ հոն կատարուած ներդրումները», «Հայր Եղիայեան. «Աւելի քան 350 տարիէ ի վեր լիբանանցիներուն հետ կը բաժնենք իրենց ցաւերն ու ձգտումները», «Քաղաքական իմաստով ի՞նչն է, որ լիբանանահայերը կ՛ընդվզեցնէ» եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը, իրաւունքը եւ աշխարհի ազատականները մեծամասնութիւն են:
Հարցազրոյցին մասին իր տպաւորութիւնները արձանագրած Տընիզ Աթալլա-Հատտատ կը հաստատէ, որ կամքով ու կորովով օժտուած երեսփոխանը նաեւ զգացական է, երբ հարցը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, որուն պատմական փաստերուն մասին խօսելու ընթացքին ան իր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդին հասած աղէտն է, որ կը վերապրի եւ ատիկա յուզում կը պատճառէ անոր:
Հատտատ կը գրէ, թէ Յ. Բագրատունի կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդին հաւատքն ու իր իրաւունքին կառչածութիւնը հիմնական պատճառներն են, որ ան Ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք յաջողած է գոյատեւել, եւ հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն` պահպանել իր մայրենի լեզուն, քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները:
Հատտատի համաձայն, Յ. Բագրատունի հայ ըլլալու կողքին նաեւ այլ ինքնութիւն ունենալը հարստութիւն կը նկատէ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները տեղահանուածներ են, «սակայն մենք համաձայնած ենք եղբայրաբար, արժանապատուութեամբ ու մեր իւրայատկութիւններուն նկատմամբ փոխադարձ յարգանքով ապրիլ այս երկրին մէջ: Հետեւաբար լիբանանցի թէ հայ ըլլալու նախընտրութեան մասին ուղղուած հարցումները այլեւս չեն ընդվզեցներ զիս, այլեւ այդ հարցումը ուղղողին նկատմամբ տխրութիւն կ՛առթեն զգացումներուս մէջ», կ՛ըսէ Յ. Բագրատունի:
«Բագրատունի կը շեշտէ, որ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի կողմէ 6 մայիսը Լիբանանի սովի յիշատակի օր հռչակելու օրինագիծը, որ մերժուեցաւ, չէր նպատակադրեր արձակուրդի յաւելեալ օր մը ապահովել: Մենք արձակուրդի օր չենք պահանջեր, այլ` ազգային մակարդակով եւ փոխադարձ յարգանքով ոգեկոչել այդ սովին պատճառած նահատակներուն` Լիբանանի բնակչութեան երկու երրորդին յիշատակը», կը գրէ Հատտատ:
Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր մեծ հայրը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներէն է` շեշտելով, որ հայը ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ապրի իր ժողովուրդին նահատակներուն յիշատակով:
Լիբանանի նկատմամբ հայութեան զգացումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հայութիւնը հաւատարիմ է Լիբանանին եւ իր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ Լիբանանի ծառայութեան: «Մեզի ոչ ոք հայրենասիրութեան դասեր թող տայ, որովհետեւ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր քաղաքացի Լիբանանէն առաջ իր համայնքն է, որ կը սիրէ: Լիբանանահայը միշտ օրինակելի քաղաքացի եղած է, հետեւաբար երանի թէ բոլորը հայ ըլլան պահպանելու եւ հզօրացնելու համար Լիբանանը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Նշենք, որ «Նաշրա», «Թայեար», «Լեպանոն տիպէյթ» եւ «Լեպանոն ֆայլզ» կայքերը իրենց կարգին լայն անդրադարձ կատարեցին լիբանանահայութեան կազմակերպած Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկներուն, քայլարշաւներուն, պատարագներուն եւ այդ առիթին կապուած քաղաքական բոլոր յայտարարութիւններուն` հայ կամ ոչ հայ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ կատարուած:
Լիբանանեան բոլոր օրաթերթերը իրենց երէկուան թիւին մէջ անդրադարձան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ կիրակի գիշեր Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս ջահերթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուած հսկումի երեկոյին եւ երկուշաբթի առաւօտեան մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ եղեռնի մատրան մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ զետեղած էր տպաւորիչ լուսանկար մը` Նահատակաց հրապարակի հաւաքին ընթացքին հայութեան կողմէ ծածանող հսկայ Եռագոյնէն:
«Նահար» օրաթերթը անդրադարձաւ նաեւ «Տը Փրոմիս» («Խոստումը») ժապաւէնին եւ այդ իմաստով հայութեան, ժապաւէնին ու անոր ներկայացուցած պատմական փաստերուն դէմ մղուած թրքական պայքարին:
«Նահար» օրաթերթի լրագրողներէն Ֆաթիմա Ապտալլա իր կարգին գրած էր յօդուած մը, որուն մէջ ան մեկնելով հայութեան հետ իր կապէն, Հայաստան կատարած այցելութիւններէն կը պնդէր, որ Ցեղասպանութենէն բացի որեւէ եզր, որ կ՛օգտագործուի նկարագրելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած 1915-ի սպանդներն ու տեղահանութիւնը, Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ ուրանալու փորձ կը նկատուի:
«Հայ ժողովուրդը իր ցաւը վերածեց աղօթքի` հանգչեցնելու համար իր նահատակներուն հոգիները, եւ ստեղծագործեց` յաւիտենականացնելու համար նահատակներուն յիշատակը, բոլոր հայոց եւ խիղճ ունեցող մարդ արարածներուն համար», եզրափակած էր Ֆաթիմա Ապտալլա:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթը անդրադարձաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ջահերթին եւ թրքական դրօշը հրկիզելու երեւոյթին:
Նոյն օրաթերթը անդրադարձաւ նաեւ Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուած հաւաքին` ընդգծելով Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հատուցում կատարելու հայութեան պահանջը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը անդրադարձաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած հսկումին, ինչպէս նաեւ Նահատակաց հրապարակի հաւաքին, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ լրատու գործակալութիւնը լայն անդրադարձ կատարեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն, որոնցմէ են Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկը, Անթիլիասի մայրավանքի հսկումը, Նահատակաց հրապարակի վրայ հայ քաղաքակական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած հաւաքը, ինչպէս նաեւ Պիքֆայայի քայլարշաւը, հսկումէն քանի մը ժամ առաջ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի կազմակերպած ջահերթն ու պաշտօնական բոլոր յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը իր կարգին անդրադարձաւ լիբանանահայութեան կողմէ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած օրուան ծաղրանկարը նուիրեց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին: (Ծաղրանկարը տեսնել առանձին):
«Ժումհուրիա»-ի լրագրողներէն Նաթալի Իքլիմոս Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով պատրաստած էր ընդարձակ յօդուած մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուցած էր Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստեր ու մանրամասնութիւններ, լուսաբանած էր, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը 24 ապրիլին կ՛ոգեկոչէ իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ընդգծած էր հայուն հզօր ըլլալու յատկանիշը եւ հարցազրոյց մը կատարած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հետ` շեշտը դնելով սրբազան հօր այն կեցուածքին վրայ, թէ այնքան ատեն որ նորահաս հայ սերունդները կը դաստիարակուին հայկականութեամբ, եւ ճիգ կը թափուի հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու, ապա ոչ մէկ պատճառ զիրենք կը մղէ մտահոգուելու, թէ նոր սերունդները կը կորսնցնեն իրենց գիտակցութիւնը` Հայ դատը պաշտպանելու եւ ի խնդիր այդ դատի լուծման աշխատելու:
«Ժումհուրիա» ակնարկած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կեցուածքներուն` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ Թուրքիոյ բարկութիւնն ու Էրտողանի յայտարարութիւնները:
«ԱՆՈՒԱՐ» օրաթերթը իր կարգին ամբողջական անդրադարձ կատարեց ապրիլեան ոգեկոչման բոլոր ձեռնարկներուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին եւ այդ առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն ու երթերուն:
«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ» եւ «Տէյլի Սթար» օրաթերթերը եւս անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկներուն, որոնց շրջագիծին մէջ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած քարոզին եւ պատգամին վրայ, մինչդեռ «Տէյլի Սթար» մէջբերելով հայ երիտասարդներուն կեցուածքը, թէ իրենք միշտ պիտի յիշեն Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ անիկա իրենց արեան մէջ է, ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը տէրն է իր Դատին եւ անոր համար պիտի շարունակէ պայքարիլ: