Լիբանանեան

Քաղաքական Լուրջ Ճիգեր` Նախքան Խորհրդարանի 15 Մայիսի Նիստը

Քաղաքական Լուրջ Ճիգեր` Նախքան Խորհրդարանի 15 Մայիսի Նիստը

Ընտրական նոր օրէնքի մը հասարակաց տարազին շուրջ տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջի քաղաքական մթնոլորտը յատկանշուեցաւ աշխուժ խորհրդակցութիւններով` առնչակից մէկէ աւելի կողմերու միջեւ: Արդարեւ, հակառակ 15 մայիս 2017-ի մօտալուտ ժամկէտի կարեւորութեան, պատկան կողմերը ցարդ չկրցան համախոհութեան մը յանգիլ, սահմանադրական այս կարեւորագոյն իրագործումի տարազին գծով: Փաստօրէն, մերժելով հանդերձ երկիրը դատարկութեան մատնելու կամ ընթացիկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը  երկարաձգելու փորձանքը` 2008-ի Տոհայի բարեփոխուած օրէնքը (որ...

«Այն Բանը, Որուն Կը Հաւատամ» Խորագրեալ Գիրքով.  Նախագահ Միշել Աուն Վերահաստատեց Լիբանանը Մշտադալար Եւ Ծաղկուն Պահելու Իր Խոստումը

«Այն Բանը, Որուն Կը Հաւատամ» Խորագրեալ Գիրքով. Նախագահ Միշել Աուն Վերահաստատեց Լիբանանը Մշտադալար Եւ Ծաղկուն Պահելու Իր Խոստումը

Նախագահ Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ վերահաստատեց Լիբանանի մշտադալար եւ ծաղկուն պահելու իր խոստումը: «Միշել Աուն» հաստատութեան կողմէ հրատարակուած «Այն բանը, որուն կը հաւատամ» խորագրեալ գիրքով նախագահ Աուն երէկ իր ներդրումը յայտարարեց Լիբանանի ծաղկումին` նշելով, որ «այս գիրքը քաղաքական չէ, այլ կը խօսի կենսագրական գիծերուս մասին, զիս ծանօթացնելու ցարդ չճանչցողներուն, իսկ ճանչցողներուն` յիշեցնելու եւ խորացնելու իմ մասիս իրենց տեղեկութիւնները»:...

Վարչապետ Հարիրի Ռոտրիկօ Մայայի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Պրազիլ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

Վարչապետ Հարիրի Ռոտրիկօ Մայայի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Պրազիլ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պրազիլի խորհրդարանի նախագահ Ռոտրիկօ Մայան, ընկերակցութեամբ երեսփոխանական եւ տնտեսական պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` Լիբանան-Պրազիլ յարաբերութիւններու ամրապնդումը: Վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Մայային` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պրազիլեան զօրամասին մասնակցութեան համար: Հարիրի ընդգծեց երկկողմանի այցելութիւնները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: Իր կարգին, Մայա անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ տնտեսական-առեւտրական...

Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Յայտարարէ Նոր Դարուն Պատշաճող Նոր Ռազմավարութիւն

Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Յայտարարէ Նոր Դարուն Պատշաճող Նոր Ռազմավարութիւն

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կազմակերպեց իր եւ տեղեկատուական մարմիններուն միջեւ ծանօթացման հանդիպում մը, որուն նպատակն էր տնօրէնութեան եւ տեղեկատուական մարզին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել: Հանդիպումին ընթացքին կատարուեցաւ ընդհանուր ծանօթացում. Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կառոյցով եւ գործունէութեամբ ներկայացուեցաւ տեղեկատուական մարզին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ զրոյց` լրագրողներուն եւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի եւ փոխտնօրէն գնդապետ Սամիր...

Ռայի Պատրիարքը Պապը Լիբանան Հրաւիրեց

Ռայի Պատրիարքը Պապը Լիբանան Հրաւիրեց

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարք Պապին յանձնեց Լիբանան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ամբողջական տեղեկագիր մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Եգիպտոս կատարած այցելութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին պապը շեշտեց, որ ինք մօտիկ կը զգայ արաբ ժողովուրդին, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ...

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Տրամադրուած Զինամթերքը

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Տրամադրուած Զինամթերքը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը Քֆարշիմայի զօրանոցին մէջ ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրեն տրամադրուած զինամթերքը: Ամերիկեան զինամթերքը ստանձնելու պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ժան Ֆարահ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը ու լիբանանեան բանակի շարք մը սպաներ: Ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, Ռիչըրտ բանակին յանձնած է աւելի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատարութիւնը Ֆաթիմա Հասան Սուլթանը յանձնեց դատական իշխանութիւններուն: Ֆաթիման ՏԱՀԵՇ-ին մաս կը կազմէ եւ կը ծրագրէր Արսալի բանակի անցարգելներէն մէկուն մօտ անձնասպանական գործողութիւն կատարել: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքը կարելի չէ քուէարկութեամբ վաւերացնել, այլ` պէտք է համախոհութեամբ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը դժուարութիւն ունի ընտրական օրէնքի մը շուրջ երկու երրորդի...

Կառավարութիւնը Համախոհութեամբ Մերժեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Կառավարութիւնը Համախոհութեամբ Մերժեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական օրէնքը: Նախքան կառավարութեան նիստը,  նախագահ Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը: Նիստէն ետք, տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Փիեռ Ապի Ասի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտած է, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը յայտնած են իրենց մերժումը` խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու...

Լիբանանեան Համալսարանի Հիմնադրութեան 66-ամեակին Առիթով .  Նախագահ Աուն Լիբանանցի Երիտասարդները Յորդորեց Դառնալ Ազգային Անբիծ Գործի Ռահվիրաները

Լիբանանեան Համալսարանի Հիմնադրութեան 66-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Լիբանանցի Երիտասարդները Յորդորեց Դառնալ Ազգային Անբիծ Գործի Ռահվիրաները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Լիբանանեան համալսարանի հիմնադրութեան 66-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին, որուն ընթացքին խօսք առնելով շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանը իր հիմնադրութեան օրէն բազմաթիւ սերունդներու բարձրագոյն ուսում ջամբած է: Ան նշեց, որ պէտք է իմանալ Լիբանանեան համալսարանը հիմնելու հիմնական նպատակները, դրդապատճառները, կարեւորութիւնն ու աշխուժութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ անոր գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը, բարելաւել անոր կարողութիւններն ու անոր դասախօսական...

«Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներուժը» Դ. Խորհրդաժողով .  Նախագահ Աուն Եւ Հարիրի Ստորագրեցին Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Վերստանալու Ա. Հրամանագիրը

«Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներուժը» Դ. Խորհրդաժողով . Նախագահ Աուն Եւ Հարիրի Ստորագրեցին Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Վերստանալու Ա. Հրամանագիրը

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախաձեռնութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, երէկ «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արտերկրի լիբանանցիներու ներուժը» խորագիրը կրող Դ. խորհրդաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիելէ Քաչիա, տնտեսական, ընկերային եւ տեղեկատուական մարզերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ երկու հազար...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Մէջ Ձերբակալեց Ահաբեկիչ Օմար Հըմայէտը

Լիբանանեան բանակը նախանցեալ գիշեր Արսալի մէջ ձերբակալեց ահաբեկիչ Օմար Հըմայէտը, որ ծանօթ է Թաումալլի կեղծանունով: Օմար Հըմայէտ 1 փետրուար 2013-ին յարձակում մը գործած էր բանակի զօրամասին դէմ, եւ այդ յարձակումին պատճառով նահատակուած էին բանակայիններ Փիեռ Պաշաալանի եւ Իպրահիմ Զահրաման: Հըմայէտ փորձած էր գնդակոծել բանակի անկարգելաւորներու խումբը, որ անմիջապէս հակադարձած էր կրակոցներուն եւ ձերբակալած զայն: Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի...

Արիտի. «Լիբանանի Մէջ Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Համաձայնութիւնը Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը Ի Վերջոյ Պիտի Կայանան»

Արիտի. «Լիբանանի Մէջ Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Համաձայնութիւնը Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը Ի Վերջոյ Պիտի Կայանան»

Երեսփոխան Ղազի Արիտի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ամէն ինչ, որ համայնքային կամ յարանուանական տարակարծութիւն, վիճաբանութիւն եւ բաժանում կը պատճառէ: «Մենք այս դիտանկիւնէն մեկնելով կը նպաստենք ազգային եւ քաղաքական ամէն տեսակի տեսակէտի կամ կեցուածքի, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու շուրջ համաձայնութեան կրնայ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Ընտրական Օրէնք Մը Վաւերացնելու Նպատակով Քուէարկութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է, Եթէ Համաձայնութիւն Չգոյանայ»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Ընտրական Օրէնք Մը Վաւերացնելու Նպատակով Քուէարկութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է, Եթէ Համաձայնութիւն Չգոյանայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է դուրս գայ իր դիմագրաւած տագնապէն` ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելով: Ֆատլալլա շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է, որ քաղաքական ուժերուն կ՛ապահովէ իրենց ճշգրիտ իրաւունքները` աւելցնելով սակայն,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու առումով կը տիրէ դրական մթնոլորտ: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, ինչպէս նաեւ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւն կատարել: Ապու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը փափաքի ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին, Որուն Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Ընտրական Օրէնքը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին, Որուն Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Ընտրական Օրէնքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն օրակարգը կը պարունակէ ընտրական օրէնքի քննարկման վերաբերող կէտ մը: Կառավարութեան նիստին ներկայ պիտի գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երեքշաբթի օր անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռիատ եւ երէկ վերադարձաւ Պէյրութ: Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հարիրիի անակնկալ այցելութիւնը ունէր ընտանեկան բնոյթ: Կը նախատեսուի,...

Պըրրի. «Կը Հաստատեմ, Որ Խորհրդարանը Իր Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Չերկարաձգէ»

Պըրրի. «Կը Հաստատեմ, Որ Խորհրդարանը Իր Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Չերկարաձգէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտարարեց. «Մի՛ մտահոգուիք. խորհրդարանին անունով ձեզի կ՛ըսեմ, թէ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անհաւանական է: Այս յայտարարութիւնը ուղղուած է նաեւ անոնց, որոնք մեզ կ՛ամբաստանեն: Մենք պէտք է համախոհութիւն գոյացնենք ընտրական օրէնքի մը շուրջ»: Նշենք, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտած էր, որ 15 մայիսին խորհրդարանը իր նիստը պիտի չգումարէ, եթէ...

Ալֆրետ Ռիաշի. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Է Խզել Եւ Թուրքիոյ Դեսպանը Լիբանանէն Վտարել»

Ալֆրետ Ռիաշի. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Է Խզել Եւ Թուրքիոյ Դեսպանը Լիբանանէն Վտարել»

Դաշնակցային մնայուն խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ալֆրետ Ռիաշի կոչ ուղղեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարելու: Ան շեշտեց, որ Հայոց, ասորիներու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւններէն աւելի քան մէկ դար ետք, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելու եւ անոր բնակչութեան մէկ երրորդը սպաննելու 100-ամեակին առիթով Լիբանանի կառավարութենէն յանդգնութիւն կը պահանջենք: Ռիաշի կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին...

Խալիլ. «Պէյրութի Նաւահանգիստին, Օդակայանին Եւ Երկրին Ցամաքային Սահմաններուն Պիտի Հսկենք Եւ Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք»

Խալիլ. «Պէյրութի Նաւահանգիստին, Օդակայանին Եւ Երկրին Ցամաքային Սահմաններուն Պիտի Հսկենք Եւ Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստը: Այցելութենէն ետք ան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են, որ եթէ չկարենան մաքսատան աշխատանքներուն պարագային տարբերութիւն մը արձանագրել, ապա այդ հարցը պիտի դնեն կառավարութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ` նշմարելով, որ կարելի չէ նոյն կացութեամբ այս ընթացքը շարունակել: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի մաքսատան հարցը պէտք է լուծել` աւելցնելով, որ ինք...

Ռիաշի. «Ազատութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել Լրատու Գործակալութիւններուն Ընդմէջէն»

Ռիաշի. «Ազատութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել Լրատու Գործակալութիւններուն Ընդմէջէն»

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ առաւօտեան «Հիլթըն-Հապթուր» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Ասիոյ մէջ գործող լրատու գործակալութիւններու 42-րդ ընդհանուր ժողովին: Այս առիթով Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ Լիբանանի համար պատիւ է հիւրընկալել Ասիոյ մէջ գործող լրատու գործակալութիւններու ընդհանուր ժողովը: Սլէյման ընդգծեց լրատու գործակալութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու եւ ահաբեկչութեան վերաբերող լուրերը շրջանառութեան մէջ չդնելու առումով: Իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Կիպրոսի դեսպաններ Հիւկօ Շորթըրն ու Քրիսթինա Ռաֆթին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՊԵՔԱԱՅԻ Քֆարզապատ շրջանին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ արձանագրուեցաւ պայթում մը: Այս մասին շրջանառութեան մէջ դրուած նախնական տուեալներուն համաձայն, թէ շուն մը լիբանանեան բանակին կողմէ զետեղուած ականի մը վրայէն անցած է եւ պայթումը այդ պատճառով...

Page 742 of 986 1 … 741 742 743 … 986

Արխիւներ