Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Հասպանիի Հետ Քննարկեց Առողջապահութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

April 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որ յայտնեց, թէ Հարիրիին ներկայացուցած է Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի առողջապահութեան մարզին տրամադրուած 150 միլիոն տոլարի գումարին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան վարչակազմին հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն:

Հասպանի նկատել տուաւ, որ Հարիրիի հետ քննարկած է նաեւ ելեկտրականութեան վերաբերող ծրագիրը` աւելցնելով, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերու ծրագիրին այլընտրանքը գոյութիւն ունի` շեշտելով, որ այդ այլընտրանքը նուազ ծախսալից է:

Մեկնումի պահուն Հասպանի պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մասին քննարկումներ չէ կատարած վարչապետին հետ` ընդգծելով, որ այդ իմաստով տակաւին ամէն բան մշուշոտ է:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Քննարկուեցան երկրին նիւթական եւ դրամատնային հարցերը:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ, ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանի Յանձնախումբերը 4 Մայիսին Հրաւիրուած Են Միացեալ Նիստի Մը»

Յաջորդը

Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Իմաստով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.