Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանին Մէջ Լիբանանի Վարկն Ու Դերը Վերաշխուժացնելու Առաջադրանքով. Իշխանութեան Վարիչները Վճռած Են Յաղթահարել Խոչընդոտները Բոլոր Մակարդակներուն Վրայ

Ապրիլ 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ մօտ երկու շաբաթներէ ի վեր կառավարութեան նիստերու առկախման, իշխանութիւնը վճռած է ճիգ չխնայել` յաղթահարելու համար իր դէմ ցցուող արգելքներն ու մարտահրաւէրները, բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Արդարեւ, քաղաքական ու յատկապէս սահմանադրական մարզերուն մէջ նախագահ Աուն կը նախընտրէ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրել գլխաւոր օրակարգի, երկրի սահմանադրական հիմնահարցի` ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութեան գոյացման պարագային` վերահաստատելով իր վճռակամ երեք «ոչ»-երը խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման, ընտրութիւններու յետաձգման թէ 1960-ի ընտրական օրէնքին (կամ անոր Տոհայի բարեփոխուած տարբերակին) վերադարձին գծով:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի փորձեց վերաշխուժացնել ընտրական օրէնքին շուրջ կողմնակի «բանակցութիւնները»: Այս իմաստով ան երէկ երեկոյեան այցելեց Այն Թինէ` ընկերակցութեամբ իր գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումի աւարտին ան վերահաստատեց խորհրդարանի  պաշտօնավարութեան երկարաձգման իր մերժումը` նշելով, որ ինք պիտի բացակայի 15 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանի նիստէն, բացի եթէ մինչ այդ ընտրական օրէնքին գծով համախոհութիւն գոյանայ առնչակից կողմերուն միջեւ:

Նաեւ Ընկերային-Տնտեսական
Մարտահրաւէրներ

Իշխանութեան վարիչները երէկ նոյնպէս վճռական կեցուածք ցուցաբերեցին բոլոր այն փորձերուն գծով, որոնք կը ջանան քաղաքական լուծումներու բացակայութեան քաղաքացիներու հանգիստը խաղաքարտի վերածել եւ զանոնք քաւութեան նոխազ դարձնել: Այս առնչութեամբ երէկ ուշագրաւ էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կեցուածքը` կտրուկ կերպով հակազդելու քաղաքացիներուն երթեւեկը քաոսի վերածել փորձողներուն: Նախարար Մաշնուք նախագահեց ապահովական արտակարգ նիստի եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ ուղղեց երկրի ապահովական ուժերուն` կանխարգիլելու ճամբաներու եւ մայրուղիներու փակման որեւէ փորձ, ի հարկին` բանակի միջամտութեան դիմելու ընտրանքով:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի դատախազ Սամիր Համմուտին թելադրեց ձեռնարկել անմիջական քայլերու` կանխարգիլելու համար քաղաքացիներու հանգիստը խանգարող եւ մայրուղիներ փակելու որեւէ փորձ:

Նախարարներ Մաշնուքի եւ Ժրայսաթիի այս քայլերը կու գան երթեւեկի այն քաոսէն ետք, որ ստեղծուեցաւ երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին, բեռնատար կառքերու բողոքին պատճառով: Ցոյցի ընթացքին ընդվզած քաղաքացիներուն եւ ցուցարար վարորդներուն միջեւ պատահած բախումները եկան առաւել եւս սրելու կացութիւնը: Աւելի՛ն, վարորդները սպառնացին այսօր` հինգշաբթի եւս շարունակել իրենց բողոքի ելոյթները եւ փակել ճամբաները: Վարորդներու մէկ պատասխանատուն հաստատեց, որ վարորդները փողոցէն պիտի չհեռանան, նախքան իրենց պահանջներուն հատուցման խոստումը: Կը նախատեսուի, որ վեց հազար վարորդներ իրենց հսկայական բեռնակառքերով դարձեալ փակեն գլխաւոր մայրուղիները այսօր, առաւօտեան ժամը 7:00-ին:

Նմանապէս, բողոքի կոչ ուղղեց Խնձորի երկրագործներու սենտիքան` նշելով, որ իրենք խաղաղ ցոյցի պիտի դիմեն այսօր, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ: Անոնք մերժեցին ելեւմուտքի նախարարին լուծման խոստումը` մասնակի հատուցումներ կատարելու երկրագործներուն:

Ապահովական Մարզին Մէջ

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ապահովական մէկ պատասխանատուն երէկ հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Լիբանանի Նաքուրայի շրջանին մէջ` ՖԻՆԻՒԼ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուի մը հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակէն բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատուի մը: Այս հանդիպումը կու գայ յատկապէս այն «աղմուկ»-էն ետք, որ կարգ մը կողմեր բարձրացուցին վերջերս Հըզպալլայի կազմակերպած մամլոյ ներկայացուցիչներու շրջապտոյտին  շուրջ, որ կատարուած էր Հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին

Յաջորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Արցախ Կը Գտնուի Փոլ Միրց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?