ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ դիրքաւորուած ահաբեկիչներուն դիրքերը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց ապահովելու այնպիսի լուծումներ, որոնք կը պահպանեն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին հետեւողականութիւնը: Ան շեշտեց, որ օրէնսդրական հաստատութեան մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ լուծումը կը գտնուի ընտրական ներկայ օրէնքը գործադրելու մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Ապտել Քերիմ Տաայսը` ներկայութեամբ իր խորհրդատուին` Անթուան Իտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութեան մը յանգելու, նախքան 15 մայիսը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ բոլորին համար մինչեւ օրս անյստակ է, թէ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած բախումները ինչպէ՛ս հասան իրենց աւարտին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ այս պետութեան մէջ Մուսթաքպալ հոսանքը առանձին գործող շարժում մը չէ, այլ` քաղաքական բոլոր ուժերուն մաս կազմող հոսանք մը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի նախագիծին շուրջ խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի բաւական զգայուն փուլի մը մէջ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Վիքթոր Միրչան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Իպրահիմի այցելեց նաեւ իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան իսլամական բանտարկեալներուն հաւաքական ներում շնորհելու կարելիութիւնները:
ՓՈԽԱԴՐԱՏԱՐՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Շաֆիք Քասսիս շեշտեց, որ փոխադրատարներու նստացոյցը վերջ գտաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ իրենց վերաբերող հարցը լուծելու իմաստով տրուած խոստումէն ետք:


