Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Իմաստով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

April 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախ այն իրողութենէն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն միշտ կ՛ընդգծէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն  ներկայացուցչութիւնը ապահովող եւ արդարութիւն ու հաւասարութիւն պարտադրող ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը, երէկ յետմիջօրէէն մինչեւ գիշեր լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական նոր օրէնքին մասին խորհրդակցութիւնները ստացան համեմատաբար աւելի արագ կշռոյթ:

Նախագահ Աուն երէկ կէսօրէ ետք  նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի նախագահական պալատէն յայտարարեց հետեւեալը. «Բոլոր դատարկաբանութիւններն ու ճնշումները կը զետեղեմ քաղաքական ուժերուն ուսերուն, որպէսզի անոնք մեզի բոլորս փոխադրեն դէպի ընտրական նոր օրէնք մը:

Խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով իմ կեցուածքս յստակ է եւ անկեղծ»: Ան աւելցուց, որ ինք յառաջիկայ շաբաթ կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը այլ կէտերու կողքին պիտի պարփակէ ընտրական օրէնքը:

Հարիրի նշեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ Պըրրի իր կարգին յանձնառու է ընտրական նոր օրէնքը մշակելու առումով, «եւ ես լաւատես եմ, որ կարենանք դրական արդիւնքի մը յանգիլ», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ ինք քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ է` յայտնելով միաժամանակ, որ իրենց համար կարեւոր է յանգիլ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան: Ընտրական օրէնքի իմաստով տարակարծութիւնները սահմանափակ են, եւ կարելի է լուծումներ գտնել: «Յոյսով եմ, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին», ըսաւ ան:

Ամերիկեան պատժամիջոցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ ամերիկեան պատժամիջոցները Քոնկրեսին կողմէ կը պատրաստուին, «հետեւաբար կրնանք կազմել յանձնախումբ մը, որ մեր ազդեցութիւնը բանեցնենք այդ օրէնքին վրայ, եւ կամ կրնանք Քոնկրեսին հետ գործել` փոփոխութեան ենթարկելու այդ օրէնքը», եզրափակեց Հարիրի:

Վարչապետարանին Մէջ

Աւելի ուշ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքը:

Ժոմպլաթի Մօտ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը` ներկայութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի եւ երեսփոխան Ղազի Արիտիի:

Հանդիպումին ընթացքին անկեղծ քննարկումներ կատարուեցան ընտրական օրէնքին մասին:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումի հունտեր սերմանող տարբերակ է, որ հակասահմանադրական է:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը:

Ան նշեց նաեւ, որ կը մերժէ Հըզպալլայի կողմէ առաջարկուած ամբողջական համամասնականութեան տարբերակը` աւելցնելով, որ ինք համամասնական դրութեան կը զօրակցի, պայմանով որ անիկա որոշ ընտրաշրջաններու մէջ գործադրուի: «Իսկ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջադրած ընտրական օրէնքի տարբերակը վերստին սերտելու տրամադրութիւն ունիմ», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ խորհրդարանին մօտ 1960-ի ընտրական օրէնքը տակաւին ուժի մէջ է:

Ժահժահի Հետ

Նշենք, որ ընտրական օրէնքին շուրջ խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպը եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնք գործուղուած էին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Հասպանիի Հետ Քննարկեց Առողջապահութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ծերակոյտին Կը Ներկայացուի Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.