Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշացնելով Որ Երկիրը Կը Գտնուի Անդունդի Եզրին` Նասրալլա Թելադրեց Երկխօսութեան, Համախոհութեան Եւ Զիջումներու Ճամբով Հասկացողութիւն Գոյացնել Ընտրական Օրէնքին Գծով

Մայիս 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ընտրական օրէնքը զգայուն հարց է այս երկրին մէջ, շատերու համար անիկա կենաց մահու խնդիր է», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան: «Դիմադրող վիրաւորի օր»-ուան առիթով պատկերասփռուած իր խօսքին մէջ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային ու տեղական իրադարձութիւններու`  շնորհաւորելով աշխատաւորները մայիս 1-ի տօնին առիթով: Ան զգուշացուց, որ երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին եւ թելադրեց զայն չմղել դէպի անդունդ:

«Հըզպալլա համամասնական օրէնքը առաջադրած էր 1996-էն ի վեր եւ այն ատեն չկային այսօրուան դաշինքներն ու պայմանները», ըսաւ Նասրալլա եւ աւելցուց. «Ամէնէն ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը ազգային պատկերացումով առաջադրած էինք ատիկա, սակայն ոչ ոքի կ՛ուզենք պարտադրել այդ օրէնքը, եթէ համաձայն չեն, այլ կ՛ուզենք կողմերը գոհացնող օրէնքի մը շուրջ համոզել պատկան կողմերը»:

«Տիւրզիներն ու քրիստոնեաները մտավախութիւններ ունին աւելի քան սիւննիներն ու շիիները` թուաքանակի եւ այլ պատճառներով», շարունակեց Նասրալլա` ընդգծելով, որ Հըզպալլա ոչ մէկ ձեւով պիտի պարտադրէ օրէնք մը, որուն համաձայն չէ որեւէ համայնք: «Պահանջուածը համախոհական ժողովրդավարութիւն է», ընդգծեց Նասրալլա` թելադրելով համախոհութեամբ, երկխօսութեամբ եւ զիջումներով հասկացողութեան յանգիլ:

«Իսրայէլի դէմ զոհողութիւններու շնորհիւ ազատագրուեցան 1984-էն ի վեր տառապող Հարաւի եւ Արեւմտեան Պեքաայի գիւղերը», յիշեցուց Նասրալլա` դիտել տալով, որ Արսալի բարձունքները որոշ չափով հանդարտած են, ահաբեկչական վտանգը մեղմացած է, իսկ ապահովական վիճակը աւելի կայուն դարձած:

Անդրադառնալով շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող անգործութեան երեւոյթին` Նասրալա ըսաւ. «Անգործութիւնը ամէնէն վտանգաւոր հարցերէն մէկն է, որ կարեի չէ յետաձգել. անիկա խիստ վտանգաւոր է եւ պէտք է զայն առաջնակարգ հոգատարութեան արժանացնել»: Նասրալա կոչ ուղղեց լիբանանեան կառավարութեան հետապնդելու անգործութեան թղթածրարը եւ օգտուելու այս գծով աշխարհի այլ երկիրներու փորձառութենէն:

Նշենք, որ Նասրալլայի խօսքին արձագանգողներէն առաջինը եղաւ Ժողովրդավարական հանդիպումի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ «Թուիթըր»-ի էջին վրայ տեղադրած իր գրառումով խիստ ճշգրիտ ու համապարփակ նկատեց Նասրալլայի խօսքերը` ներկայի դատարկուած օղակէն ու անոր մտահոգիչ հեռանկարներէն դուրս գալու ելք մը գտնելու առումով:

Իսկ գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան դիտել տուաւ, որ Նասրալլայի յայտարարութիւնները կը բխին ներկայ հանգրուանի վտանգներուն գծով իր ճշգրիտ պատկերացումէն եւ յոգնաբեկ երկրին գծով անոր տածած նախանձախնդրութենէն:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Սուրի Միջազգային Փառատօնին

RelatedPosts

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն  Այցելութեան Վերականգնման Համար  Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Գլխաւոր լուրեր

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն Այցելութեան Վերականգնման Համար Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Եւ Սուրիոյ`  Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար  Տնտեսական Խթաններու Տրամադրումը Կը Դիտարկէ
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Եւ Սուրիոյ` Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար Տնտեսական Խթաններու Տրամադրումը Կը Դիտարկէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Հիմնադրութեան  80-Ամեակի Նշման Ընթացքին Խօսք Մը Արտասանեց
Լիբանանեան

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Նշման Ընթացքին Խօսք Մը Արտասանեց

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?