Հակառակ շաբաթավերջի արձակուրդին քուլիսային հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան` յառաջիկայ հինգշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստին բարւոք լուծման մը յանգելու համար: Արդարեւ, նախագահ Միշէլ Աուն պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն հրաւէրը ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Սակայն, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, նախագահ զօր. Աուն նախքան այդ իր վճռական կեցուածքը պիտի յայտարարէ, օգտագործելով սահմանադրութեան թիւ 24 եւ 25 յօդուածներու տրամադրութիւնները: Այս գծով Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, թէ նախագահ Աուն յառաջիկայ քանի մը օրերուն ելոյթ պիտի ունենայ եւ պիտի վճռէ այս հարցը: Այլապէս, կարգ մը կողմեր կը միտին կացութիւնը բռնկումի առաջնորդել», ընդգծեց Ուահապ: Միւս կողմէ, կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սայետ Նասրալլա իր կարգին ելոյթ ունենայ եւ Հըզպալլայի կեցուածքը դրսեւորէ` ընտրական օրէնքին վերաբերեալ:
Օրակարգի 102 կէտեր ունեցող հինգշաբթիի նախարարաց խորհուրդը, իր առաջին կէտով պիտի քննէ ընտրական օրէնքն ու այս գծով արծարծուող ու առաջարկուող կեցուածքները: Արդարադատութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, թէ «քուէարկութիւնը չի վախցներ եւ համախոհութեան բացակայութեան պարագային կը դիմենք սահմանադրութեան, որ կ՛արտօնէ դահլիճի երկու երրորդ (2/3) մեծամասնութեամբ քուէարկել, եւ կ՛աղօթենք, որ դատարկութեան չհասնինք»: Վերահաստատելով Ազգային ազատ հոսանքի երեք «ոչ-»երը, նախարար Ժրայսաթի հաւանութիւն յայտնեց ծերակոյտի կազմութեան առաջարկին գծով, եթէ այս վերջինը ժամավաճառութեան համար չէ»:
Նոյն ծիրին մէջ, մարոնիներու Ռայի պատրիարք զգուշացուց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտի երկարաձգումէն, զայն նկատելով ժողովուրդի կամքին բռնաբարումն ու շրջանցումը: Սուրի մէջ կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին Քատմուս եկեղեցւոյ եւ վարժարանի 50-ամեակին առիթով հանդիսապետած Ս. պատարագի իր քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարք նաեւ զգուշացուց սահմանադրական դատարկութենէ, որ «կ՛անդամալուծէ վարչամեքենան»: Ռայի կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն` համախոհութեան յանգելու ընտրական օրէնքին գծով:
Նախարար Մոհամէտ Ֆնէյշ հաստատեց, որ առանց համախոհութեան չկայ ընտրական օրէնք: «Յարմարագոյն լուծումը մէկ կամ միջակ ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած համամասնական տարբերակն է», ընդգծեց նախարար Ֆնէյն:
Ժողովրդավարական հանդիպումի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր զգուշացուց խորհրդարանի թէ կառավարութեան նիստերուն քուէարկութեան դիմելէ:
«Ամէն անգամ որ ընտրական օրէնքը կը մօտենայ Ազգային ուխտի տրամադրութիւններուն, որոշ մարդիկ կը հեռանան անկէ` համայնքայնութեան պատրուակով»:
Այս մթնոլորտին մէջ հայեացքները սեւեռած են հինգշաբթիի նախարարաց նիստին ու այս առիթով նախագահ Աունի արտասանելիք խօսքին:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց` իրարմէ զանազանելու համայնքներու շահերն ու համայնքային մօտեցումները:



