Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, որուն հետ քննարկեց արդարութեան մարզին մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակ յայտարարները:
Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց լոյսին տակ ընդգծուեցաւ, որ այդ գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ ընդարձակելու նպատակներ ու ծրագիրներ կան:
Դեսպան Մկրտչեան շեշտեց, որ Ժրայսաթիի հետ միտքեր փոխանակած է արդարութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան եւ աշխատանքի համակարգումին վերաբերող համաձայնագիր մը ստորագրելու կարելիութեան մասին:
Ս. Մկրտչեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան-Հայաստան պատմական յարաբերութիւններուն` բարձր գնահատելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:
«Շատ կարեւոր է, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հայաստան 25 տարիէ ի վեր անկախ է, եւ իբրեւ այդպիսին կարելի է բոլոր ճիգերը ի սպաս դնել երկու անկախ պետութիւններուն շահերը ապահովելու համար», հաստատեց դեսպան Մկրտչեան:



