Պըրրի Կը Զօրակցի Հայութեան Դատին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ապրիլ 24-ի միջօրէին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի արդար դատին` շեշտելով, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած ըլլալով Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ իբրեւ ոճիր, ինք անգամ մը եւս կը բարձրացնէ այդ որոշումը` պահանջելով, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցէ հայ...




















