Լիբանանեան

Բանակը «Սեսնա»-ներով  Եւ «Հելֆայըր»-ներով  Պիտի Մաքրագործէ ՏԱՀԵՇ-ը

Բանակը «Սեսնա»-ներով Եւ «Հելֆայըր»-ներով Պիտի Մաքրագործէ ՏԱՀԵՇ-ը

  Լիբանանի արեւելեան սահմանները, դատարկուելէ ետք Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն մնացորդացէն, թատերաբեմ պիտի դառնան ՏԱՀԵՇ-ի մաքրագործումի ճակատամարտին, որ պիտի մղուի լիբանանեան բանակին կողմէ: Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ապաստանած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերը ամէնօրեայ դրութեամբ ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին լիբանանեան բանակի օդուժին եւ թնդանօթներուն կողմէ: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է անդրադառնալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին օգտագործելիք զինամթերքին: 2009-ին լիբանանեան օդուժը ստացաւ «Սեսնա» տիպի...

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ.  «Կասեցնել Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ  Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները»

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ. «Կասեցնել Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները»

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ լիբանանեան բանակին հետ գործակցելուն համար: Զօր. Պերի հաստատեց, որ բանակը Լիբանանի ապահովութեան հիմնաքարն է` աւելցնելով, որ շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները մեզի կը յիշեցնեն այն դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որոնք պէտք է դիմագրաւուին բանակին կողմէ` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը: Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է  աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն վերաբերող օրէնքները վերադարձնել խորհրդարան, «հետեւաբար ան կրնայ տալ այն որոշումը, որ յարմար կը նկատէ»: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքը խորհրդարանին վերադարձնելը հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ...

Զօր. Աուն Օրուան Հրամանով  Դրուատեց Բանակին Քաջութիւնը

Զօր. Աուն Օրուան Հրամանով Դրուատեց Բանակին Քաջութիւնը

Լիբանանեան բանակը այսօր պաշտօնապէս կը նշէ իր հիմնադրութեան 72-ամեակը: Այս առիթով բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ իր արձակած օրուան հրամանով դրուատեց բանակին քաջութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը նոյն չարիքն է` երկրին ո՛ր սահմաններէն որ հասնի Լիբանան, ըլլայ ան Լիբանանի արեւելեան թէ հարաւային սահմաններէն: «Այսօր կը շարունակէք հզօր կերպով դիմադրել ահաբեկչութեան` արգիլելով ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի լիբանանեան գիւղաքաղաքներ կամ դէպի տեղահանուածներուն գաղթակայանները...

Պաապտայի Մէջ .  «Լիբանանեան Բանակը Իշխանութիւններուն  Ամբողջական Հովանաւորութիւնը  Կը Վայելէ Իր Բոլոր Գործողութիւններուն Պարագային»   Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Պաապտայի Մէջ . «Լիբանանեան Բանակը Իշխանութիւններուն Ամբողջական Հովանաւորութիւնը Կը Վայելէ Իր Բոլոր Գործողութիւններուն Պարագային» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ հինգշաբթի, 3 օգոստոսին կառավարութիւնը պիտի գումարէ աշխուժ նիստ մը, ինչպէս էր պարագան աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու որոշումին, որ ինքնին նուաճում մըն էր այն իմաստով, որ յաւելումները վաւերացուեցան առանց իշխանութիւնները...

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ  Գերիներու Փոխանակման  Երկրորդ Փուլը Պիտի Գործադրուի Այսօր

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Երկրորդ Փուլը Պիտի Գործադրուի Այսօր

Դիմադրութեան եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ գերիներու փոխանակման երկրորդ փուլը, որ սկսաւ երէկ, պիտի գործադրուի այսօր` հսկողութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ իրենց համակիր սուրիացի տեղահանուածներուն Իտլիպ փոխադրութիւնը պիտի կատարուի այսօր: 9 հազար հոգի հաշուող այդ բազմութիւնը փոխադրելու համար մեծ թիւով պասեր եւ հիւանդատարներ երէկ ուղղուեցան Արսալ եւ լիբանանեան բանակին առաջնորդութեամբ...

«Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Շրջանի Բոլոր  Պետութիւններուն Միասնականութեան»  Շեշտեց Ապտելլահեան

«Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Շրջանի Բոլոր Պետութիւններուն Միասնականութեան» Շեշտեց Ապտելլահեան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի անձնական օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան յայտնեց, որ Լիբանանը շնորհաւորած են Արսալի մէջ անոր բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն համար: Ան նշեց, որ այդ յաղթանակները յաջորդած են Հալէպի եւ Մուսուլի...

Ֆրենժիէ. «Լիբանան  Ընդարձակ Է Եւ Բոլորին Կը Բաւէ»

Ֆրենժիէ. «Լիբանան Ընդարձակ Է Եւ Բոլորին Կը Բաւէ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Պաթրունի Պըժտարֆալ գիւղաքաղաքի բնակչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ իրենց միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան: «Կը ներէք, եթէ ձեզմէ հեռացած ենք եւ բացթողումներ արձանագրած, սակայն իբրեւ Մարատա հոսանք մենք միշտ հաստատած ենք ու կը շարունակենք շեշտել, որ Լիբանան ընդարձակ է եւ բոլորին կը բաւէ», շեշտեց ան: Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ օրինական որեւէ...

Պու Ասի Այցելեց Արսալի Եւ Լապուէի Բարձունքները

Պու Ասի Այցելեց Արսալի Եւ Լապուէի Բարձունքները

Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Պու Ասի երէկ այցելեց Արսալի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Լապուէի մէջ գտնուող բանակի Թ. զօրաբաժինը` շնորհաւորելով բանակայինները բանակի հիմնադրութեան օրուան առիթով: Արսալի բարձունքներէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պու Ասի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ բանակին նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ բանակը միակ պատասխանատուն է Արսալի ապահովական կայունութեան եւ լիբանանեան-սուրիական սահմանին հսկողութեան: Պու Ասի նշեց, որ բանակը...

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ  Գերիներու Փոխանակման Առաջին Փուլը  Աւարտեցաւ. Երկրորդը` Այսօր

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Առաջին Փուլը Աւարտեցաւ. Երկրորդը` Այսօր

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ յայտարարուեցաւ սկիզբը Ժապհաթ Նուսրայի եւ Դիմադրութեան միջեւ գերիներու փոխանակման առաջին փուլին, որուն ընթացքին պիտի փոխանակուէին Դիմադրութեան նահատակներն ու Ժապհաթ Նուսրայի զոհերը: Հովանաւորութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, երէկ երեկոյեան աւարտեցաւ գերիներու փոխանակման առաջին փուլը, որուն ընթացքին Դիմադրութեան յանձնուեցան իր հինգ նահատակներուն աճիւնները, իսկ Նուսրա ստացաւ իր ինը զոհերուն...

Զահլէի Մէջ.   Պասիլ Կ՛անդրադառնայ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն, Տուրքերուն  Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին

Զահլէի Մէջ. Պասիլ Կ՛անդրադառնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն, Տուրքերուն Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Զահլէ: Քսարայի մէջ գտնուող մարոնի համայնքի առաջնորդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ մաղթեց, որ ընտրական նոր օրէնքին միջոցով կարելի ըլլայ իրականացնել ժողովուրդին ակնկալած փոփոխութիւնը: Ան նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքը դիւրին է եւ ոչ թէ բարդ: Պասիլ նկատել տուաւ, որ ժողովուրդին համար դժուար սորվելիք...

Մաթար. «Հըզպալլայի Մարտիկները  Բանակին Պիտի Յանձնեն Քաայի  Հիւսիսարեւելեան Շրջանի Իրենց Կեդրոնները»

Մաթար. «Հըզպալլայի Մարտիկները Բանակին Պիտի Յանձնեն Քաայի Հիւսիսարեւելեան Շրջանի Իրենց Կեդրոնները»

Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ը մաքրագործելու ճակատամարտին` աւելցնելով, որ Քաայի մէջ բանակին որդեգրած զինուորական եւ գումակային միջոցառումները կը փաստեն, որ այդ ճակատամարտը անխուսափելի է` առանց սակայն ճշդելու այդ ճակատամարտը սկսելու ժամկէտը: Մաթար հաստատեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները բանակին պիտի յանձնեն Քաայի հիւսիսարեւելեան շրջանի իրենց կեդրոնները: Ան ընդգծեց, որ...

Ռահմէ Այցելեց Արսալի Բարձունքներ

Ռահմէ Այցելեց Արսալի Բարձունքներ

Թատամոն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ այցելեց Արսալի բարձունքներ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ: Ռահմէ յայտնեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ողջոյնի խօսքին առ ի պատասխան այցելած է Արսալի բարձունքներ` անձամբ ողջունելու զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, որ իր արտասանած վերջին ճառին մէջ յուզումով անդրադարձած էր Դիմադրութեան նահատակներուն:

Ժահժահ. «Անկեղծօրէն, Մասնակի  Ընտրութիւններով Խանդավառ Չենք»

Ժահժահ. «Անկեղծօրէն, Մասնակի Ընտրութիւններով Խանդավառ Չենք»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համաձայն է մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման: «Ակեղծօրէն, մասնակի ընտրութիւններով խանդավառ չենք», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Ժապհաթ Նուսրայի տապալումին` Ժահժահ յայտնեց, որ այդ իրականութեան արդիւնքները ընդհանուր առմամբ դրական են` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական հարցը իսկական պետութեան վերականգնումին արձանագրած յապաղումն է: «Այնքան ատեն որ Հըզպալլա այս ձեւով ներկայ է,...

«Անտիոքի Եկեղեցին  Իր Զաւակները Պիտի Չլքէ»  Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

«Անտիոքի Եկեղեցին Իր Զաւակները Պիտի Չլքէ» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Շուայայի Մար Էլիաս վանքին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Անտիոքի եկեղեցին իր զաւակները պիտի չլքէ, այլ` պիտի օժանդակէ անոնց եւ կառչած պիտի մնայ անոնց յանձնառութիւններուն, որքան որ ալ դժուարութիւնները բարդանան: Եազիժի պատրիարքը ընդգծեց, որ երբ կեանքի մասին կը խօսին, անոնք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ աւետեց, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ահաբեկչութեան դէմ ամբողջական յաղթանակ պիտի արձանագրէ` աւելցնելով, որ առանց բանակին յաղթանակ չկայ: Ան շեշտեց, որ ինք կը հպարտանայ իւրաքանչիւր բանակայինով եւ սպայով, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարով: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, թէ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին ընթացքին Դիմադրութիւնը փաստած է իր անկեղծութիւնը, որ նոր փաստերու կարիք չունի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի...

Լիբանան Կը Սպասէ Ժապհաթ Նուսրայի  Զինեալները Իտլիպ Ճամբելու, Ինչպէս Նաեւ Քաան Ու Ռաս Պաալպեքը ՏԱՀԵՇ-էն  Մաքրագործելու Գործողութիւններուն

Լիբանան Կը Սպասէ Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալները Իտլիպ Ճամբելու, Ինչպէս Նաեւ Քաան Ու Ռաս Պաալպեքը ՏԱՀԵՇ-էն Մաքրագործելու Գործողութիւններուն

Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ բուռն կերպով ռմբակոծեց Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Մինչ բանակը իր դիրքերը կ՛ամրապնդէ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները կը պատրաստուին ուղղուելու Իտլիպ: Այս շրջագիծին մէջ Արսալի բարձունքներուն վրայ գումակային բոլոր դասաւորումները կ՛որդեգրուին ապահովելու համար Ժապհաթ Նուսրայի մնացեալ զինեալներուն եւ մեծ թիւով քաղաքայիններու Իտլիպ փոխադրութիւնը: Ընդհանուր...

«Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Թիւ 1701  Բանաձեւին Գործադրութեան, Մինչ Իսրայէլ  Կը Շարունակէ Խախտել Զայն»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան, Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել Զայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` գիտակցելով այն վտանգներուն, զորս Լիբանան կրնայ դիմագրաւել` այս բանաձեւին գործադրութիւնը խախտելու պարագային: Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` շարունակելով Լիբանանի վրայ իր...

Ճամբորդական Գրասենեակներու Սենտիքան  Կը Մեծարէ Նախարարներ  Կիտանեանն Ու Ֆընիանոսը

Ճամբորդական Գրասենեակներու Սենտիքան Կը Մեծարէ Նախարարներ Կիտանեանն Ու Ֆընիանոսը

Ճամբորդական գրասենեակներու սենտիքան մեծարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանն ու հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը: Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ինք տեւաբար անկեղծութեամբ կ՛արտայայտուի` աւելցնելով, որ երբ նախարարութիւնը ստանձնեց, ինք զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փորձառութիւն չունէր: «Զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք եղաւ զբօսաշրջութեան մարզի վարժողութեան դասատուն, մինչ քաղաքական առումով նախարար Ֆընիանոս միշտ ընդառաջեց պահանջած խորհուրդներուս, իսկ կառավարութեան...

Արաբ Խորհրդարանականներու Խորհրդաժողովին  Լիբանան Կը Հաստատէ Պաղեստինեան  Միասնականութեան Կարեւորութիւնը

Արաբ Խորհրդարանականներու Խորհրդաժողովին Լիբանան Կը Հաստատէ Պաղեստինեան Միասնականութեան Կարեւորութիւնը

Ռապաթի մէջ Արաբ խորհրդարանականներու խորհրդաժողովին ընթացքին երէկ խստիւ դատապարտուեցան Աքսայի մզկիթին շուրջ կատարուած իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերուն վրայ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները: Խորհրդաժողովին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքը ուղղեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա, որ ընդգծեց, թէ պաղեստինեան միասնականութիւնը թշնամի Իսրայէլի դէմ օգտագործուած հզօրագոյն զէնքն է, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի պաշտպանութեան միակ...

Page 718 of 987 1 … 717 718 719 … 987

Արխիւներ