Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Լիբանանեան Բանակը Իշխանութիւններուն Ամբողջական Հովանաւորութիւնը Կը Վայելէ Իր Բոլոր Գործողութիւններուն Պարագային» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

August 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ հինգշաբթի, 3 օգոստոսին կառավարութիւնը պիտի գումարէ աշխուժ նիստ մը, ինչպէս էր պարագան աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու որոշումին, որ ինքնին նուաճում մըն էր այն իմաստով, որ յաւելումները վաւերացուեցան առանց իշխանութիւնները նիւթական յաւելեալ բեռի ենթարկելու:

Հարիրի հաստատեց, որ իր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր կացութիւնը բացատրել Միացեալ Նահանգներուն մէջ: «Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ երկիրներուն կեցուածքներուն, ապա անիկա իրենց տեսակէտն է` Հարիրիին ներկայութեան կամ բացակայութեան: Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել երկրին տնտեսութիւնը` կասեցնելով անոր դէմ բանեցուելիք պատժամիջոցները: Իսկ այն արտայայտութիւնները, թէ Հարիրի Ուաշինկթըն ուղղուած է` փոփոխութեան ենթարկելու համար Միացեալ Նահանգներուն կեցուածքները, ապա անոնք անպատասխանատու կեցուածքներ են», շեշտեց վարչապետը:

Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը իշխանութիւններուն ամբողջական հովանաւորութիւնը կը վայելէ իր բոլոր գործողութիւններուն պարագային` աւելցնելով, որ զինեալները Լիբանանէն դուրս բերելու իմաստով բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ: «Իսկ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ժամկէտը յայտարարելէ ետք բանակը յաղթական դուրս պիտի գայ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ նախագահ Աունէն խնդրած է տուրքերուն վերաբերող օրէնքը վերադարձնել խորհրդարան` շեշտելով, որ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերէն միայն 5-ը արդար են, իսկ մնացեալ 15-ը կը վտանգեն քաղաքացիին ապրուստը:

 

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Երկրորդ Փուլը Պիտի Գործադրուի Այսօր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Օրուան Հրամանով Դրուատեց Բանակին Քաջութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.