Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է  աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն վերաբերող օրէնքները վերադարձնել խորհրդարան, «հետեւաբար ան կրնայ տալ այն որոշումը, որ յարմար կը նկատէ»:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքը խորհրդարանին վերադարձնելը հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ բանակը Լիբանանի ապահովութեան ու գերիշխանութեան ողնաշարը կը կազմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ. «Կա՛մ լիբանանեան բանակին կը զօրակցին, կա՛մ ալ անոր կը հակադրուին, իսկ բանակին դէմ արձակուած ցեխարձակումները պիտի չազդեն լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը շարունակելու եւ ամբողջացնելու երեւոյթին վրայ»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը օրըստօրէ կը փաստէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իր հսկայ կարողութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ ինք կը զօրակցի բանակին եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը պահպանելու համար անոր յարմար նկատած իւրաքանչիւր քայլին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ բանակը զոհողութեան, արժանապատուութեան եւ ապահովութեան խորհրդանիշն է` շեշտելով, որ անիկա արժանի է ամէն տեսակ զօրակցութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` նշելով սակայն, որ բանակի տօնը պակասաւոր է, որովհետեւ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով, որ այնքան ատեն որ բանակը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ապա Լիբանան լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով լիբանանեան բանակին դէմ պայքարելու բանակին դերակատարութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին բանտերուն մէջ տիրող խճողուած դրութիւնը լուծելու հեռանկարները եւ այդ իմաստով երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ պահանջուածը Դիմադրութեան մշակոյթին պահպանումն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ճիգ եւ ջանք պիտի չխնայեն պետութեան հզօրացման ի խնդիր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը Ժապհաթ Նուսրան Արսալէն դուրս շպրտած է` զայն ջախջախիչ պարտութեան ենթարկելէ ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը փաստած է իր դերակատարութիւնը` Լիբանանի սահմանները բազմաթիւ վտանգներէ պաշտպանելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմի հիմնական գործընկերն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Միացեալ Նահանգներ այցելած է Լիբանանը պաշտպանելու նպատակով եւ ոչ թէ Հըզպալլայի դէմ յարձակելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ մօտալուտ յաղթանակը պիտի ձախողեցնէ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն վրայ դրուած ամէն տեսակի գրաւ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտը բացայայտած է Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ 10 հազար տեղահանուածներ խնդրած են Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի հետ Իտլիպ ուղղուիլ` աւելցնելով, որ երանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա միանար անոնց` իբրեւ ապահովութիւն Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է` մղելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը եւ զայն վտարելու Ռաս Պաալպեքի ու Քաայի բարձունքներէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը պատճառ կը դառնայ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմը ուշանայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ պատահածը աննկարագրելի եւ անբացատրելի նուաճում մըն է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, կը գրէ, թէ նախագահ Աուն անհրաժեշտ կը գտնէ պետական ամավարկի անյապաղ վաւերացումը:

 

Նախորդը

Էրտողանի Բանբերը Կը Դատապարտէ Մքկըրքի Ակնարկը

Յաջորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ. «Կասեցնել Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.