Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Պու Ասի երէկ այցելեց Արսալի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Լապուէի մէջ գտնուող բանակի Թ. զօրաբաժինը` շնորհաւորելով բանակայինները բանակի հիմնադրութեան օրուան առիթով:
Արսալի բարձունքներէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պու Ասի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ բանակին նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ բանակը միակ պատասխանատուն է Արսալի ապահովական կայունութեան եւ լիբանանեան-սուրիական սահմանին հսկողութեան:
Պու Ասի նշեց, որ բանակը զինելու եւ անոր զօրակցելու որոշումը տրուած է` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ողջունելի է: Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ բանակցիլ սուրիական իշխանութիւններուն հետ:
Ան նաեւ հաստատեց, որ ինք պիտի այցելէ նաեւ Ռաս Պաալպեք ու Քաա գտնուող բանակայիններուն դիրքերը եւ անոնց զօրակցութիւն պիտի յայտնէ: «Իսկ եթէ անոնք կարիքը ունին, որ ճակատներէն մէկուն վրայ դիրքաւորուիմ, ապա երբեք չեմ վարանիր», յայտնեց նախարարը: