Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Շրջանի Բոլոր Պետութիւններուն Միասնականութեան» Շեշտեց Ապտելլահեան

August 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի անձնական օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան յայտնեց, որ Լիբանանը շնորհաւորած են Արսալի մէջ անոր բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն համար:

Ան նշեց, որ այդ յաղթանակները յաջորդած են Հալէպի եւ Մուսուլի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակներուն:

Ապտելլահեան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ այս յաղթանակին առթած ուրախութիւնը կը բազմապատկուի, որովհետեւ անիկա կը զուգադիպի 2006-ին Իսրայէլի դէմ արձանագրուած պատմական յաղթանակի օրերուն:

Ապտելլահեան ընդգծեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ շրջանի բոլոր պետութիւններուն միասնականութեան:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած ջանքերը` դիմադրելու համար սիոնական գոյացութեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:

Ապտելլահեան հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան եւ Դիմադրութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Արսալի բարձունքներուն ազատագրման կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ արձանագրուած այդ նուաճումը կը գտնուի իր վերջին փուլին մէջ:

«Սակայն այնքան ատեն որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները դիրքաւորուած կը մնան Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ` վտանգը Լիբանանի մէջ կը մնայ տիրական: Հետեւաբար այդ շրջանը ամբողջութեամբ պէտք է ազատագրուի, եւ այս շրջագիծին մէջ կ՛ենթադրեմ, որ Ռաս Պաալպեքի մէջ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը շատ աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ Պըրրի:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Լիբանան Ընդարձակ Է Եւ Բոլորին Կը Բաւէ»

Յաջորդը

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Երկրորդ Փուլը Պիտի Գործադրուի Այսօր

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.