Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան, Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել Զայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` գիտակցելով այն վտանգներուն, զորս Լիբանան կրնայ դիմագրաւել` այս բանաձեւին գործադրութիւնը խախտելու պարագային:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` շարունակելով Լիբանանի վրայ իր գործած թռիչքները, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողերը: «Այս բոլորը բացայայտ խախտումներ են միջազգային այդ բանաձեւին գործադրութեան», հաստատեց նախագահը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած է խնդրել ՄԱԿ-էն, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ` հաստատելով, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ եւ Միջազգային ընտանիքը պէտք է զօրակցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պատերազմին մէջ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կարելի եղած է Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ահաբեկչութեան վերջ տալ եւ ապահովական կայունութիւն հաստատել:

Նախագահ Աուն մաղթեց նաեւ, որ Միջազգային ընտանիքը Լիբանանի նկատմամբ իր օժանդակութիւնները բազմապատկէ, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները հոգալ: Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումը անյապաղ կ՛ապահովուի եւ կարելի կ՛ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել:

Իր կարգին, Քաակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսէն նամակ մը փոխանցեց նախագահ Աունի, անոր յաջողութիւն մաղթելով իր ստանձնած նոր պատասխանատուութիւններուն մէջ:

Ան նախագահ Աունին ներկայացուց թիւ 1701 բանաձեւին մասին Ապահովութեան խորհուրդին քննարկումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ծովային սահմանները ճշդելու իմաստով եղած զարգացումները:

Քաակ յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը նուիրատու երկիրներէն խնդրած է յաւելեալ օժանդակութիւններ մատուցել Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին Շորթըր նախագահ Աունի փոխանցեց Բրիտանիոյ կեցուածքը` Արսալի բարձունքներուն վրայ անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն նկատմամբ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ սեփական ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտը:

 

 

Նախորդը

Ճամբորդական Գրասենեակներու Սենտիքան Կը Մեծարէ Նախարարներ Կիտանեանն Ու Ֆընիանոսը

Յաջորդը

Լիբանան Կը Սպասէ Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալները Իտլիպ Ճամբելու, Ինչպէս Նաեւ Քաան Ու Ռաս Պաալպեքը ՏԱՀԵՇ-էն Մաքրագործելու Գործողութիւններուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.