Թատամոն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ այցելեց Արսալի բարձունքներ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ:
Ռահմէ յայտնեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ողջոյնի խօսքին առ ի պատասխան այցելած է Արսալի բարձունքներ` անձամբ ողջունելու զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, որ իր արտասանած վերջին ճառին մէջ յուզումով անդրադարձած էր Դիմադրութեան նահատակներուն: