Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ աւետեց, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ահաբեկչութեան դէմ ամբողջական յաղթանակ պիտի արձանագրէ` աւելցնելով, որ առանց բանակին յաղթանակ չկայ: Ան շեշտեց, որ ինք կը հպարտանայ իւրաքանչիւր բանակայինով եւ սպայով, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, թէ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին ընթացքին Դիմադրութիւնը փաստած է իր անկեղծութիւնը, որ նոր փաստերու կարիք չունի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Դիմադրութեան եւ բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը լիբանանցիներուն հպարտութիւն կը ներշնչէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներու ճակատամարտին ընդմէջէն Լիբանան կրցած է պահպանել իր հողն ու միասնականութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հանդիպում մը ունեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու հետ, որոնց հետ քննարկեց ծառայութիւններու եւ բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պասեմ Շապ շեշտեց, որ Հըզպալլա չի կրնար Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրած իր յաղթանակը ներքին լիբանանեան քաղաքական շահերու ծառայեցնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի իրագործած նուաճումը ամրապնդած է իսրայէլեան ուժերը Լիբանանէն հեռու պահող ոսկեայ տարազը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը յաղթած է լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններուն: Ան նշեց, որ այդ տարազը Լիբանանը պաշտպանելու միակ միջոցն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` անոր հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը օրինականութեան ողնաշարն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ իր գնահատումով` երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ կատարելու մթնոլորտ գոյութիւն չունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն է, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ պիտի մղէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պազզի հաստատեց, որ ներկայիս Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ Սուրիոյ հետ գործակցիլը` տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու շրջագիծին մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է լիբանանեան ներքին կայունութեան եւ կը զօրակցի ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակի մղած պայքարին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Հըզպալլա առաւելագոյն չափով հետաքրքրուած էր Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեամբ, սակայն ան յանձնառու մնաց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին կատարած իր խոստումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շեշտեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արգելակումը ներկայ իշխանութիւններուն պատմութեան մէջ սեւ էջ մը պիտի ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի մարտիկներուն իրագործած յաղթանակը զինուորական եւ ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն բանակի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Լուի Քըրտահի շեշտեց, որ երբ հարցը երկրի հողերուն ազատագրումին կը վերաբերի, ապա ամօթ է այդ մասին բանավէճ կատարելը:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ փոխադրութեան համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը պատրաստուի ընդարձակ նստացոյցի մը` բողոքելու համար աշխատավարձի յաւելումներուն դէմ: Նաժտէ նշեց, որ այդ որոշումը պետական պաշտօնաթերթով հրատարակուելէն անմիջապէս ետք հանրային փոխադրութեան համար ճշդուած 2000 լ. ոսկիի սակը պիտի վերածուի 2500 լ. ոսկիի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ յաղթանակը ամբողջական կարելի չէ նկատել, երբ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները կը մնան բռնագրաւուած:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակը պէտք է մաքրագործէ ամբողջ արեւելեան լեռնաշղթան, որ լիբանանեան հող է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին համար ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին լուծում գտնելը առաջնահերթութիւն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Արսալի բարձունքները լիբանանեան հողեր են` պահանջելով Սուրիոյ հետ սահմանագծում կատարել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի իսկական ուժը Հըզպալլան է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մերժէ այդ իրականութիւնը հասկնալ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, եւրոպական երկիրներու դեսպաններ հաստատած են, որ Հըզպալլայի ուժը ճշդէ Միջին Արեւելքի ճակատագիրը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ պիտի մերժէ առանց պատերազմելու հեռանալ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներէն:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Լիբանան Տիրացաւ Փինկ-Փոնկի, Աթլեթի, Ֆութսալի Եւ Ֆութպոլի Տղոց Ախոյեանութիւններուն. Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փայլուն Յաջողութեամբ

Յաջորդը

«Անտիոքի Եկեղեցին Իր Զաւակները Պիտի Չլքէ» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?