Սարրաֆ Դրուատեց Սալիպայի Դերակատարութիւնը
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ուղղուեցաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սալիպա պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Պետական անվտանգութեան ուժերուն իրագործումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ: Սալիպա Սարրաֆին ներկայացուց նաեւ Պետական անվտանգութեան ուժերուն գործունէութիւնը` ըստ նոր ծրագիրին: Սարրաֆ դրուատեց Սալիպայի դերակատարութիւնը, որուն շօշափելի փաստերը սկսած են երեւիլ...


















