Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ յայտարարուեցաւ սկիզբը Ժապհաթ Նուսրայի եւ Դիմադրութեան միջեւ գերիներու փոխանակման առաջին փուլին, որուն ընթացքին պիտի փոխանակուէին Դիմադրութեան նահատակներն ու Ժապհաթ Նուսրայի զոհերը:
Հովանաւորութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, երէկ երեկոյեան աւարտեցաւ գերիներու փոխանակման առաջին փուլը, որուն ընթացքին Դիմադրութեան յանձնուեցան իր հինգ նահատակներուն աճիւնները, իսկ Նուսրա ստացաւ իր ինը զոհերուն դիակները, ինչպէս նաեւ իր անդամներէն` սուրիացի քաղաքացի Մայատա Ալլուշն ու անոր զաւակը:
Դիմադրութեան չորս նահատակներուն աճիւնները բաւական ուշ յանձնուեցան Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, իսկ Հըզպալլայի մարտիկներէն հինգերորդը, որ նախապէս նահատակուած էր եւ որուն աճիւններուն գտնուած վայրը անյայտ էր, երեկոյեան Սարայա ահըլ շամի կողմէ յանձնուեցաւ բանակցող կողմին:
Նշենք, որ այս ուշացումները պատճառ դարձան, որ փոխանակման գործողութիւնը յապաղի, եւ բանակցութիւնները որոշ ժամանակի համար արգելակուին:
Լապուէի մէջ ժողովրդային պատուիրակութիւններ եւ Դիմադրութեան համակիրներ ամբողջ օրը սպասեցին դիմաւորելու եւ ողջունելու համար Դիմադրութեան նահատակներուն աճիւնները:
Լապուէի մէջ հաւաքուած բազմութիւնը ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակը, Հըզպալլան եւ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:
Դիմադրութեան նահատակներուն աճիւնները Լապուէի մէջ ընդունուեցան հրավառութեամբ եւ կրակոցներով:
Ժողովուրդը վարդերով եւ բրինձով դիմաւորեց Արսալի բարձունքները ազատագրած հերոսները, որոնք փոխադրուեցան Պաալպեքի իրենց գիւղաքաղաքները, ինչպէս` Եունին եւ Շաաթ, ինչպէս նաեւ Ուզահի:
Երեկոյեան ժամը շուրջ 9:00-ին Դիմադրութեան պատերազմական տեղեկատուութիւնը յայտարարեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ գերիներու փոխանակման գործողութեան երկրորդ փուլը կը սկսի այսօր առաւօտեան:
Կը նախատեսուի, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներն ու անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ անոնց մօտիկ սուրիացի տեղահանուածներ` շուրջ 9000 հոգի փոխադրուին Իտլիպ, Դիմադրութեան 8 գերիներ ազատ արձակելու փոխարէն:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ գերիներու փոխանակումը կատարուի պարբերաբար, իւրաքանչիւր 1000 հոգիի Սուրիա հասնելուն փոխարէն ազատ պիտի արձակուի Դիմադրութեան գերիներէն մէկը:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւններէն անկախ, Սարայա ահըլ շամի զինեալները իրենց ընտանիքներով` շուրջ երեք հազար հոգի, փոխադրուին արեւելեան Քալամունի Ռհայպէ գիւղաքաղաքը:




