Լիբանանի արեւելեան սահմանները, դատարկուելէ ետք Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն մնացորդացէն, թատերաբեմ պիտի դառնան ՏԱՀԵՇ-ի մաքրագործումի ճակատամարտին, որ պիտի մղուի լիբանանեան բանակին կողմէ:
Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ապաստանած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերը ամէնօրեայ դրութեամբ ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին լիբանանեան բանակի օդուժին եւ թնդանօթներուն կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է անդրադառնալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին օգտագործելիք զինամթերքին:
2009-ին լիբանանեան օդուժը ստացաւ «Սեսնա» տիպի օդանաւեր, որոնք օժտուած են նկարահանումի բարձր արհեստագիտութեամբ, հետախուզութեան կարողութեամբ եւ ունին գիշերային հսկողութեան բարձր կարելիութիւն: Այդ օդանաւերը կրնան հրթիռարձակում կատարել եւ հարուածել թիրախը (սխալելու տոկոսը կը մնայ միայն 10 առ հարիւր):
«Սեսնա»-ի արձակած հրթիռները «Հելֆայըր» տիպի հրթիռներ ենք, որոնք կը գործածուին ամերիկեան «Ափաչի» տիպի օդանաւերուն կողմէ:
«Սեսնա»-ները 7 ժամ անընդհատ թռչելու կարողութիւն ունի: Շրջանին մէջ «Սեսնա» տիպի օդանաւեր ունին միայն Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան:
«Սեսնա» տիպի օդանաւերը առաջին անգամ օգտագործուեցան Պեքաայի մէջ, երբ բանակը հետապնդեց ինքնաշարժ գողցող աւազակախումբերը, ապա անոնք օգտագործուեցան նաեւ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու ընթացքին` ուղղակի հարուածներ հասցնելով ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն:
«Սեսնա»-ները կազմ ու պատրաստ են եւ պիտի օգտագործուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին ընթացքին:
Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջի Մը Անդամները
Անկախ բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ մղուելիք պատերազմէն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յայտնեց, թէ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող բջիջի մը անդամները, որոնք կը ծրագրէին Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս` եւրոպական երկիրներու, յատկապէս Ֆրանսայի մէջ, ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:
Ահաբեկչական այս բջիջին ղեկավարն է Մահմուտ Պրիտի, որ ֆրանսական հպատակութիւն ունի: Ան Ֆրանսայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ՏԱՀԵՇ-ի այլ պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ մեղսակցած է Սուրիոյ եւ Եւրոպայի մէջ ահաբեկչութիւն գործող այլ բջիջներու` անոնց դրամի փոխանցումներ կատարելով:
Մահմուտ Պրիտի մնայուն կապի մէջ եղած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութիւններ գործող կազմակերպութիւններու պատասխանատու Մաքտիսիի հետ:
Մաքտիսի լիբանանցի մըն է, որ դանիական հպատակութիւն ունի: Ան հիւսիսային Լիբանանի մէջ Պրիտիի տրամադրած է անօդաչու թռչող սարքեր:
Մաքտիսիի սպանութեան մասին լուրեր տարածուած են 2014-ի Արսալի ճակատամարտին ընթացքին, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ ան ողջ է եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ երկար ատեն մնացած է, նախքան Ռաքքա փոխադրուիլը:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած բջիջին մաս կը կազմեն 4 լիբանանցիներ, որոնք կը գործեն Ռաքքայի մէջ ապաստանած ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուի մը հրահանգներով:
Բջիջին նպատակն էր Թրիփոլիի եւ Տըննիէի մէջ ժիհատական ծրագիրներ իրագործել: Ի յայտ եկաւ նաեւ, որ Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ վերջերս բացայայտուած եւ գրաւուած զէնք ու զինամթերքի պահեստանոցը կը պատկանէր Պրիտիի փեսային:
Ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւեցին նաեւ ահաբեկչական այդ բջիջին մօտ գտնուող գնդացիրները, հրթիռները, պայթուցիչները, պայթուցիկ նիւթերը, քարտէսներն ու հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ բովանդակող «եու. էս. պի.»-ներ:
Ահաբեկչական այս բջիջին բացայայտումը պատճառ դարձաւ, որ օտար պետութիւններ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն եւ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցին, որպէսզի անոնք կարենան հետապնդել իրենց երկիրներուն մէջ բոյն դրած ահաբեկիչներուն այն բջիջները, որոնք Պրիտիի հետ կը գործակցէին, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել իրենց երկիրներուն մէջ ծրագրուած հաւանական որեւէ ահաբեկչութիւն:




