Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ բուռն կերպով ռմբակոծեց Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
Մինչ բանակը իր դիրքերը կ՛ամրապնդէ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները կը պատրաստուին ուղղուելու Իտլիպ:
Այս շրջագիծին մէջ Արսալի բարձունքներուն վրայ գումակային բոլոր դասաւորումները կ՛որդեգրուին ապահովելու համար Ժապհաթ Նուսրայի մնացեալ զինեալներուն եւ մեծ թիւով քաղաքայիններու Իտլիպ փոխադրութիւնը:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ աշխատանքները կը շարունակուին Արսալի բարձունքներուն վերաբերող համաձայնութիւնը գործադրելու համար` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւններէն բխած ծրագիրը բծախնդրութեամբ պիտի իրականանայ:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ռաս Պաալպեքի բնակիչները` երիտասարդներ, թաղապետեր, սկաուտական շարժումներ եւ քաղաքացիական խորհուրդներ, կազմակերպեցին մոմավառութիւն մը` առ ի զօրակցութիւն լիբանանեան բանակին:
Հարկ է աւելցնել, որ բանակի սպայակոյտի պետ, հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք երէկ այցելեց Քաա եւ Ռաս Պաալպեք, ուր ան ստուգեց բանակին դիրքերը եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
Մալլաք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ ու անոնց փոխանցեց իր ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ գնահատեց անցնող օրերուն ահաբեկիչներուն թափանցման փորձերը արգիլելու անոնց ջանքերը:
Ան նշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ բանակին պատերազմը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի, մինչեւ ամբողջ Լիբանանի ազատագրումը: