Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Օրուան Հրամանով Դրուատեց Բանակին Քաջութիւնը

August 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը այսօր պաշտօնապէս կը նշէ իր հիմնադրութեան 72-ամեակը: Այս առիթով բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ իր արձակած օրուան հրամանով դրուատեց բանակին քաջութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը նոյն չարիքն է` երկրին ո՛ր սահմաններէն որ հասնի Լիբանան, ըլլայ ան Լիբանանի արեւելեան թէ հարաւային սահմաններէն:

«Այսօր կը շարունակէք հզօր կերպով դիմադրել ահաբեկչութեան` արգիլելով ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի լիբանանեան գիւղաքաղաքներ կամ դէպի տեղահանուածներուն գաղթակայանները գործուելիք որեւէ ներթափանցում», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմադրելու նաեւ թշնամի Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` գործակցելով միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:

Բանակի հրամանատարը բանակայիններուն հրահանգեց նաեւ հսկել Լիբանանի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` հեռու մնալով իրենց առաքելութեան հետ կապ չունեցող ամէն տեսակի միջամտութիւններէ: «Պէտք է երաշխաւորէք ապահով, ազատ եւ ժողովրդավար  երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը», հաստատեց ան:

Նոյն առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այսօր` բանակի հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով իր արտասանելիք ճառին մէջ պիտի դրուատէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:

Նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն` շեշտելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումը եւ ապահովական ու սահմանադրական կառոյցներուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ . «Լիբանանեան Բանակը Իշխանութիւններուն Ամբողջական Հովանաւորութիւնը Կը Վայելէ Իր Բոլոր Գործողութիւններուն Պարագային» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.