Ճամբորդական գրասենեակներու սենտիքան մեծարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանն ու հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ինք տեւաբար անկեղծութեամբ կ՛արտայայտուի` աւելցնելով, որ երբ նախարարութիւնը ստանձնեց, ինք զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փորձառութիւն չունէր:
«Զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք եղաւ զբօսաշրջութեան մարզի վարժողութեան դասատուն, մինչ քաղաքական առումով նախարար Ֆընիանոս միշտ ընդառաջեց պահանջած խորհուրդներուս, իսկ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին անոր զօրակցութեամբ կարելի եղաւ վաւերացնել համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի է աւելի աշխուժ գործակցութիւն ապահովել զբօսաշրջութեան մեր ըմբռնումին համաձայն», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը կարեւորագոյն մարզն է: Ճիշդ է, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ուժային նախարարութիւն մը չէ, սակայն զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ կրնանք աշխատիլ այնպէս, ինչպէս ոչ մէկ այլ մարզի մէջ կարելի է գործել, որովհետեւ զբօսաշրջութեան մարզը ամէնօրեայ հարցերէ չի տառապիր:
«Զբօսաշրջութեան մարզին դիմագրաւած հարցերուն լուծումները կան, եւ այս նախարարութեան աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքին համար ամբողջ ներուժովս կ՛աշխատիմ», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Ֆընիանոս յայտնեց, որ զբօսաշրջութիւնը քաղաքակրթութեան ճարտարարուեստն է եւ բացայայտումներու արդիւնքը, որովհետեւ առանց հինի նոր չկայ, իսկ առանց աւանդութեան արդիականութիւն չկայ:
Ֆընիանոս ողջունեց բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները, որոնք դիմադրեցին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` աւելցնելով, որ առանց անոնց զոհողութիւններուն, Լիբանան ապահովական կայունութիւն պիտի չունենար:
Ֆընիանոս նաեւ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւելու եւ բարգաւաճեցնելու իմաստով բազմաթիւ առիթներ կորսնցուցած է, «սակայն այսօր նախարար Կիտանեանի ներկայութիւնը եւ այդ մարզը բարելաւելու իմաստով անոր ի գործ դրած ճիգերը պիտի բարգաւաճեցնեն Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը», ըսաւ ան:
Ֆընիանոս նշեց, որ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը որոշած է Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակել, որպէսզի ընդարձակման առաջին փուլէն ետք Պէյրութ կարենայ տարեկան 13 միլիոն ուղեւոր հիւրընկալել, իսկ երկրորդ փուլէն ետք` 25 միլիոն ուղեւոր:
Ֆընիանոս ընդգծեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Էհմեժի Փառատօնի Քննարկում
Նշենք, որ Ա. Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան` ընկերակցութեամբ Էհմեժի քաղաքապետ Նազիհ Ապի Սամաանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Էհմեժի փառատօնին մանրամասնութիւնները: Սամաան նախարար Կիտանեանը հրաւիրեց 17 օգոստոսին բացումը կատարելու այդ փառատօնին:
Հանդիպում Դատաւոր Համտանի Հետ
Նշենք, որ նախարար Կիտանեան Հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հաշուեքննիչ դիւանի նախագահ դատաւոր Ահմետ Համտանի հետ: Քննարկուեցան զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Հաշուեքննիչ դիւանին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս նախարարութեան կողմէ սակերը ստուգելու պարտականութիւնն ու վարչական այլ հարցեր:
Համտան բարձր գնահատեց նախարար Կիտանեանի ի գործ դրած ջանքերը` ընդգծելով, որ պետական վարչութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը մէկ կողմէ պետական գանձարկղին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւն է, իսկ միւս կողմէ` քաղաքացիին: