Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Ժողովը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստին սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակ բանակայիններուն յիշատակը:
Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղած է կառավարութեան վարուելու հերոս բանակայիններուն նահատակութեան մակարդակին համաձայն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական հերետիկոսութիւններէ հեռու մնալ, որովհետեւ գործուած ոճիրին պատասխանատուն ՏԱՀԵՇ-ն է:
«Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան ոչ մէկ առանցքի մաս կը կազմէ, այլ` ան ահաբեկչութեան դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին աշխուժ մասնիկն է», ըսաւ Ռիաշի:
Ան աւելցուց, որ Հարիրիի համաձայն, Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, որ ան հեռու մնայ բարեկամներուն եւ յատկապէս եղբայրներուն հետ մթնոլորտը ելեկտրականացնելէ:
«Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Ազգային սուգի օրը կը ներառէ լիբանանցի նահատակ բոլոր բանակայիններն ու ապահովութեան ուժերու նահատակները, որոնք ահաբեկչութեան դէմ կռուի ընթացքին նահատակուեցան: Այս առիթը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող առիթ եւ ոչ թէ քաղաքական բաժանումի առիթ», նշեց Ռիաշի:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Հարիրի կառավարութեան ներկայացուցած է Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` նշելով, որ ան կրցած է ի շահ Լիբանանի երեք խորհրդաժողովներ ապահովել: Անոնք են. ա) Լիբանանի տնտեսութեան զօրակցութեան, բ) Լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան զօրակցութեան եւ գ) Միջազգային ընտանիքի օժանդակութեան մակարդակով սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը երաշխաւորող խորհրդաժողովները:
Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց Համագործակցականի ցանցի ընդհանուր տնօրէն Կլորիա Ապու Զէյտի փոխարէն այլ տնօրէն նշանակելու թղթածրարը յետաձգել:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի բարձունքները ազատագրելու համար բանակին շղթայազերծած զինուորական գործողութեան մասին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ զեկուցում ներկայացուցած է նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները կը մնան գաղտնի:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ եթէ տուրքերու օրէնքը չեղեալ նկատուի, ապա աշխատավարձի յաւելումները չեղեալ պիտի նկատուին, «որովհետեւ կը մերժենք Լիբանանի ճակատագիրը Յունաստանի ճակատագիրին վերածել», նշեցին նախարարները:



