Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի սկսի իր պաշտօնական հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապը եւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Վարչապետ Հարիրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները հաստատեցին, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որ Սուրիոյ տագնապին համար ապահովուելիք միջազգային լուծումը Լիբանանի հաշուոյն չըլլայ, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներով կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն անվտանգ տունդարձը ապահովել:
Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հինգ համաձայնագիրներ ստորագրուին:
Հարիրի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում պիտի ունենայ չորեքշաբթի օր:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ շրջանին դիմագրաւած այս զգայուն ժամանակաշրջանին, Հարիրիի Մոսկուա այցելութիւնը կարեւոր է` Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին լուծման հետեւանքներէն հեռու պահելու, լիբանանեան բանակը զինելու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով:
Կը նախատեսուի, որ Հարիրի ռուս պատասխանատուներէն խնդրէ, որ անոնք սուրիական վարչակարգէն պահանջեն Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծումը շարունակել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին մասին Հարիրիի եւ Փութինի կեցուածքները յստակ են, առաջինը` դէմ, իսկ երկրորդը` թեր ըլլալու իմաստով:
«Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի առաջարկին գծով կը հաստատենք հետեւեալը. «Հարիրի իբրեւ վարչապետ իր պարտականութիւնները կը կատարէ, եւ երբ հարցերը հասուննան, ապա կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կարելի է ընել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: