Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ յետմիջօրէին Ուատի Հմայտի մէջ բացայայտած է լարուած ականներու պահեստանոց մը:
Ըստ հաղորդագրութեան, բանակի գաղտնի սպասարկութեան շրջուն մէկ ջոկատը կրցած է բացայայտել այդ պահեստանոցը, ուր գտնուած են տարբեր տեսակի ականներ, ռումբերու բաժիններ, պայթուցիչներ, պայթուցիկ նիւթեր, ինչպէս նաեւ ականուած գօտիներ:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ահաբեկչական խմբաւորումներն ու բջիջները հետապնդելու իրենց աշխատանքի շրջագիծին մէջ կրցած են ձերբակալել ՏԱՀԵՇ-ի անդամ սուրիացի Ա. Տ.-ն, ծնեալ` 1996-ին:
Հարցաքննութեան ընթացքին յանցագործը խոստովանած է, որ ինք անդամակցած է սուրիացի ահաբեկիչ Անաս Մոհամետ Եհիա Ժարքասի (ծանօթ` Ապու Ալի Շիշանի կեղծանունով) խմբակին, որ մասնակցած է բանակին դէմ 2 օգոստոս 2014-ին գործուած յարձակումներուն:
Արսալի ճակատամարտին ընթացքին ան կը գտնուէր Ուատի Հմայտի գաղթակայաններուն դիմաց գտնուող դիրքի մը վրայ, ուր կը հետեւէր լիբանանեան բանակի զրահապատներուն եւ այդ մասին լուր կը հաղորդէր Ապու Ալի Շիշանիի: