Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանան Իսրայէլի Դէմ Բողոքագիր Մը Կը Պատրաստէ»

Սեպտեմբեր 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ պահանջեց Իսրայէլի դէմ բողոքագիր մը պատրաստել եւ զայն ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Բողոքագիրը պիտի անդրադառնայ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մէջ զետեղուած լրտեսական սարքերուն, իսրայէլեան օդուժին կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուող մնայուն ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ կիրակի օր Սայտայի վերեւ ձայնի պատը ճեղքելու միջոցով նիւթական վնասներ ու սարսափ պատճառելու քայլերուն:

Պասիլ յայտնեց, որ նախարարութիւնը Իսրայէլի դէմ բողոքագիրը պատրաստելու ընթացքին մէջ է եւ զայն պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին:

Միւս կողմէ, Պուսթրոս պալատին մէջ Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Նաժարի շեշտեց, որ եգիպտական բանակը իր կարգին Եգիպտոսի մէջ նոյն պայքարը կը մղէ եւ լիբանանեան բանակին հետ նոյն խրամատին մէջ կը պայքարի միացեալ թշնամիին` ահաբեկչութեան դէմ:

Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Պասիլին փոխանցած է եգիպտացի անոր պաշտօնակիցին Սամեհ Շուքրիի ողջոյնները` նշելով, որ Պասիլ եւ Շուքրի միշտ միասին կը գործեն եւ դիւանագիտական միացեալ ճիգեր ի գործ կը դնեն` երկու երկիրներուն շահերը ապահովելու նպատակով:

Նաժարի հաստատեց, որ Եգիպտոս միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին իր անդամակցութեան հանգամանքով: Ան աւելցուց, որ վերջերս Եգիպտոս Լիբանանին զօրակցութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով` նկատի ունենալով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը նպաստեն Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան ամրապնդումին:

Նաժարի յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ պիտի քննարկեն շարք մը հարցեր, որոնք օրակարգով ճշդուած են` աւելցնելով, որ իրենք Քաթարի դէմ են եւ նոյն տեսակէտները կը բաժնեն Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի հետ:

«Մենք Քաթարի դէմ ենք յատկապէս անոր համար, որ ան կը զօրակցի ահաբեկչական շարժումներուն: Այս իմաստով մեր կեցուածքը յստակ է Քաթարէն, որ իր քաղաքականութիւնը պէտք է փոխէ` հարցերը իրենց բնականոն ընթացքին վերադարձնելու համար», ընդգծեց ան:

Պասիլի այցելուներէն եղաւ նաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Ալի Միրին, որ նախարարին յանձնեց նամակ մը:

Նշենք, որ Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ դեսպաններ Պրունօ Ֆուշիէն եւ Հիւկօ Շորթըրը, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պըրրիի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Եգիպտոս Կը Պաշտպանէ Լիբանանի Շահերը» Շեշտեց Նաժարի

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Իր Պաշտօնական Հանդիպումներուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?