Առեւանգուած բանակայիններուն անունով յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» ծագեցաւ Լիբանանի վերեւ, սակայն նահատակի զգեստով տուն դարձած բանակայինները սրտի խոր կսկիծով յանձնուեցան հողին` բոլորին պահ դնելով հայրենիքը պաշտպանելու կտակը:
Ազգային սուգի օր եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն` պայծառ օրուան մը ընթացքին, երբ կենսունակ լիբանանցիին վայել էր ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը նշել առեւանգուած բանակայիններուն վերադարձով:
Ծանր էր օրը` Ազգային սուգի օրը: Ամբողջ օրուան ընթացքին տասը դագաղներու տողանցք, պար, հարսանիք եւ վերջին հրաժեշտ:
Դագաղներ, որոնք փոխադրեցին նահատակ բանակայիններու աճիւններ, այսինքն` մասունքներ այնպիսի զինուորներու, որոնք ահաբեկչութեան դէմ կռուեցան ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ կռիւի պահուն դաւադրաբար գերեվարուեցան ու սպաննուեցան աշխարհին փորձանք հանդիսացող Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի էմիրներուն հրահանգով եւ արիւնարբու զինեալներու ձեռամբ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կազմակերպութեամբ հերոս նահատակներու յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, ապահովական կառոյցներու պետերու, լիբանանեան բոլոր համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, ինչպէս նաեւ նահատակներու ընտանիքներուն:
Առաւօտեան Պատարոյի զինուորական հիւանդանոցէն նահատակներուն աճիւնները փոխադրուեցան Եարզէ: Պաշտպանութեան նախարարութեան շրջափակին մէջ նահատակները դիմաւորուեցան կարմիր գորգերով եւ զուսպ յուզումի մթնոլորտով:
Նահատակ բանակայինները պարգեւատրելու եւ անոնց հրաժեշտ տալու պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով ու մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով անոնց յիշատակը:
Լիբանանեան դրօշակով ծածկուած տասը դագաղներ կատարեցին իրենց զինուորական վերջին տողանցքը: Անոնք ուսամբարձ փոխադրուեցան յատուկ հարթակ մը, ուր հպարտութեամբ պարգեւատրուեցան` հանրապետութեան նախագահէն ստանալով աստիճանի բարձրացման իրենց շքանշանները:
Ապա նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները բանակի հրամանատարէն ստանձնեցին լիբանանեան դրօշը:
Բանակի հրամանատարը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի պաշտպանէ արեւելեան լեռնաշղթայի սահմանագօտին` աւելցնելով, որ նահատակ բանակայինները «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան խորագիրն էին, սակայն այդ յաղթանակը կը մնայ տխուր, որովհետեւ կը մաղթէինք, որ անոնք մեզի հետ նշէին Լիբանանի ազատագրման յաղթանակը:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց իշխանութեան երեք պետերուն կատարեալ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին` շեշտելով, որ արձանագրուած յաղթանակը նաեւ անոնց զօրակցութեան կը պարտին` նկատի ունենալով այդ կեցուածքին շնորհիւ բանակայիններուն ունեցած բարձր տրամադրութիւնը:
«Մենք չենք մոռնար կամ անտեսեր ահաբեկչութեան քնացած բջիջները եւ «Առանձին գայլերը», որոնք կրնան վրէժ լուծել մեզմէ, ինչպէս նաեւ չենք մոռնար մայր ահաբեկչութիւնը` թշնամի Իսրայէլը, հետեւաբար պաշտպան կը մնանք նաեւ հարաւային Լիբանանին, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործադրելու կատարեալ յանձնառութեամբ:
Ապա նախագահ Աուն խօսք առնելով հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին նահատակներուն աճիւններուն դիմաց, եւ նահատակ բանակայիններուն ընտանիքներուն խոստացաւ քողազերծել անոնց զաւակներուն առեւանգումին կապուած բոլոր ծալքերը:
«Ձեր զաւակները քաջութեամբ եւ հայրենիքը պաշտպանելու ու անոր համար զոհուելու իրենց երդումին նախանձախնդրութեամբ դիմադրեցին վտանգին` անտեսելով այդ ժամանակաշրջանին պատասխանատուներուն որդեգրած ոչ յստակ կեցուածքները, որոնք հայրենիքին սիրտը վիրաւորեցին եւ պատճառ դարձան, որ իրենք ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ պատանդ մնան: Ձեզի հետ ցաւակցելու պարտականութիւնը անբաւարար է, կը խոստանամ, որ նահատակներուն թափած արիւնը մեզի պահ դրուած աւանդ պիտի մնայ, մինչեւ ճշմարտութեան ամբողջական բացայայտումը», հաստատեց ան:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ մերժեց նախագահ Աունի հետեւեալ կեցուածքը. «Այդ ժամանակաշրջանին պատասխանատուներուն որդեգրած ոչ յստակ կեցուածքները պատճառ դարձան, որ բանակայինները ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ պատանդ մնան»:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իր նախագահած Ազգային շահերու կառավարութեան որդեգրած կեցուածքները յստակ էին` առեւանգուած բանակայինները կարելի եղած բոլոր միջոցներով ազատելու իմաստով: Սալամ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի նախագահ Աունին եւ կը պահանջէ դատական ընդարձակ հետաքննութիւն բանալ ու նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ատենագրութիւնները բացայայտել, որովհետեւ քաղաքացիներուն իրաւունքն է ճշմարտութիւնը իմանալ:
Իրենց կարգին, նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները շեշտեցին, որ երէկ նահատակ հերոսներուն համար ազգային հարսանիքի օր էր: «Հերոսներ, որոնք ամբողջ Լիբանանի հպարտութիւնն են», նշեցին անոնք:
Նահատակ բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեց, որ իրենք կը վստահին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ բանակին` աւելցնելով, որ բանակայիններու առեւանգումին մեղսակցած իւրաքանչիւր պատասխանատու պիտի պատժուի: Ան կոչ ուղղեց բացայայտելու առեւանգուած բանակայիններու նահատակութեան վերաբերող ճշմարտութիւնը:
Իրենց նահատակութեամբ հերոսացած բանակայիններն են.
– Աւագ աժիւտան Իպրահիմ Սամիր Մղէյթ, ծնեալ` 1981-ին, Քալամուն, Թրիփոլի: Յետնահատակութեան դարձաւ ենթասպայ:
– Աւագ տասնապետ Ալի Զէյտ Մասրի, ծնեալ` 1983-ին, Հորթաալա, Պաալպեք: Յետնահատակութեան դարձաւ յիսնապետ:
– Աւագ տասնապետ Մուսթաֆա Ալի Ուեհպէ, ծնեալ` 1979-ին, Լապուէ, Պաալպեք: Յետնահատակութեան դարձաւ յիսնապետ:
– Աւագ զինուոր Սէյֆ Հասան Զըպիան, ծնեալ` 1977-ին, Քահլունիէ, Շուֆ: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Աւագ զինուոր Մոհամետ Հիւսէյն Եուսեֆ, ծնեալ` 1985-ին, Թաալպայա, Զահլէ: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Զինուոր Խալետ Մուքպել Հասան, ծնեալ` 1989-ին, Ֆնայտեք, Աքքար: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Զինուոր Հիւսէյն Մահմուտ Մահմուտ Ամմար, ծնեալ` 1991-ին, Ֆնայտեք, Աքքար: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Զինուոր Ալի Եուսեֆ Հաժ Հասան, ծնեալ` 1990-ին, Շամսթար, Պաալպեք: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Զինուոր Ապպաս Ալի Մըտլեժ, ծնեալ` 1994-ին, Հարֆուշ, Պաալպեք: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
– Զինուոր Եահիա Մոհամետ Ալի Խըտըր, ծնեալ` 1993-ին, Ազքի, Մընիէ-Տըննիէ: Յետնահատակութեան դարձաւ տասնապետ:
Դէպի Ռիատ Սոլհ Եւ Ապա Իրենց Ծննդավայրը
Նահատակ բանակայիններուն աճիւնները փոխադրող զինուորական հսկայ շքախումբը անցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակէն, ուր կը գտնուի իրենց ընտանիքներուն կողմէ լարուած վրանը, որ երեք տարի շարունակ հեծկլտուքով սպասած էր զանոնք:
Ռիատ Սոլհ հրապարակ հասած էին նահատակներուն ընտանիքները, այլ նահատակներու հարազատներ, Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած, ապա ազատ արձակուած բանակայիններուն հարազատները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը, որպէսզի պատուեն օրուան հերոսները:
Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ նահատակ բանակայինները դիմաւորուեցան ծաղիկով, բրինձով եւ ծափողջոյններով միախառնուած աղիողորմ լացով:
Կեդրոնական Պէյրութէն ետք նահատակ բանակայիններուն աճիւնները փոխադրուեցան իրենց ծննդավայրերը, ուր իւրաքանչիւրին համար ընտանիքը, հարազատներն ու թաղեցիները պատրաստած էին նահատակներուն վայել յուղարկաւորութիւն:
Իւրաքանչիւր գիւղ արցունքով դիմաւորեց իր նահատակ զաւակը: Ժողովուրդի հոծ բազմութեան մէջ իւրաքանչիւր դագաղ պարեց հպարտութեամբ` կարծէք հարսանիք ըլլար, իսկ նահատակին փառքը պանծացնելու իբրեւ ինքնաբուխ արտայայտութիւն` գիւղին երիտասարդները իրենց ուսերուն վրայ կրեցին նահատակ բանակայիններուն հայրերը, որոնք Եարզէէն ստացած դրօշակը իրենց կուրծքերուն սեղմած խոր կսկիծով կը յառաջանային:
Ամէնուրեք ողբը խեղդեց բոլորին կոկորդը: Նահատակներուն մայրերն ու քոյրերը, կիներն ու զաւակները ո՛չ միայն երեք տարուան կարօտով, այլ առ յաւէտ կարօտով գոյատեւելու ցաւով, վերջին անգամ ըլլալով գրկեցին իրենց հարազատները, մինչեւ որ կատարուեցան կրօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւնները եւ անոնց աճիւնները ամփոփուեցան հայրենի հողին մէջ:
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ
Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն երէկ, ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակներուն յիշատակը:
Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Սաատալլա Համատ շեշտեց, որ խորհուրդը բանակի հրամանատարութեան յանձնած է արեւելեան լեռնաշղթայի սահմաններուն հսկելու պարտականութիւնը եւ պահանջած սերտել այդ պարտականութիւնը ստանձնելու համար բանակին կարիքները:
«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ապահովական կառոյցներէն պահանջեց ըլլալ զգաստ` ահաբեկչական որեւէ գործողութիւն կանխարգիլելու իմաստով, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիան ռմբակոծելու համար լիբանանեան հողերը օգտագործելու առնչութեամբ բողոքագիր ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Խորհուրդը արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիէն պահանջեց նահատակ բանակայիններու առեւանգումի հետաքննութիւնը կատարել քրէական գործերուն հիման վրայ` հեռու մնալով քաղաքական ամբաստանութիւններէն», ըսաւ Համատ:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատած է, որ հետաքննութիւնը պիտի ճշդէ պատասխանատուները, իսկ վարչապետ Հարիրի շեշտած է, որ հետաքննութեան նպատակն է բացայայտել ճշմարտութիւնը` առանց քինախնդրութեան:
Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ, Զինուորականներ Եւ
Օտար Դեսպանատուներ Կը Ցաւակցին Բանակին Եւ
Նահատակներուն Ընտանիքներուն
Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ նահատակութեան հարսանիքին ընթացքին խօսքերը կը սառին եւ կը բարձրանան հպարտութեան կանչերը: «Փա՛ռք մեր նահատակներուն», ըսաւ Հասպանի:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ իր խօսքը ուղղելով նահատակ բանակայիններուն ըսաւ. «Այսօր մենք ձեր հերոսութեան դիմաց կը խոնարհինք, սակայն մեր հոգիները պիտի չխաղաղին, մինչեւ որ ձեր թղթածրարին վերաբերող ծալքերը ամբողջութեամբ բացայայտուին»:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս արտայայտուեցաւ թուիթըրեան հետեւեալ գրառումով. «Ձեր նահատակութեամբ յաղթեցինք, ձեր թափած արեամբ կը շարունակենք գոյատեւել, իսկ ձեր ընտանիքներուն ցաւով միասնական կը դառնանք»:
Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ Լիբանանի խաղաղութեան եւ գերիշխանութեան համար նահատակներուն թափած արիւնը եւ անոնց ընտանիքներուն թափած արցունքը մեզի կը մղեն կերտելու լիբանանեան պետութիւնը: «Փա՛ռք հերոս բանակայիններուն», ըսաւ ան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ըսաւ. «Ձեր թափած արիւնը կոչ կ՛ուղղէ հետաքննութեան եւ հաշուետուութեան: Ձեր նահատակութիւնը թող ըլլայ ապագային համար ուսանելի օրինակ մը, այնպէս ինչպէս հանրապետութեան նախագահը մաղթած էր»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ այսօր պիտի աղօթեն նահատակ բանակայիններուն համար, իսկ յաջորդող օրերուն տէր կանգնին անոնց նահատակութեան:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ բանակայիններու նահատակութեան համար ցաւը հայրենիքին չափ է` աւելցնելով, որ տասը նահատակ բանակայիններուն անունները առյաւէտ փորագրուած պիտի մնան Լիբանանի պատմութեան մէջ:
Նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակելու ժամանակաշրջանը անվերադարձ կորսուած է: «Բանակին դէմ երկարող ձեռքը պիտի կոտրուի», ընդգծեց ան:
Նախկին նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ իրենք կը խոնարհին նահատակ բանակայիններուն դիմաց` մաղթելով, որ անոնց թափած արիւնը տարակարծութիւններու դուռ չբանայ:
Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն` մաղթելով, որ անոնց ցաւը վերածուի Լիբանանի եւ ազգային շահերուն շուրջ միասնականութեան: «Իրենց նահատակութեամբ բանակայինները կ՛երաշխաւորեն երկրին գոյութիւնը», ըսաւ ան:
Հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Խաղաղ ննջեցէ՛ք, հերոսնե՛ր, դուք Լիբանանին փառքն էք ու հպարտութիւնը»:
Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն` մաղթելով, որ անոնք ըլլան հայրենիքի բագինին զոհուած վերջին նահատակները, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Լիբանանը ըլլայ ազատ եւ անկախ:
Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալ ազատագրուած է նահատակներուն թափած արեամբ: Ան նշեց, որ 2014-ին Արսալ բռնագրաւուած եւ գերեվարուած տարածք էր` աւելցնելով, որ դժբախտաբար արսալցիներէն ոմանք օժանդակած են Արսալը պատանդ վերցուցած զինեալներուն:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ողջունեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանցիներուն տոկալու կամքը:
Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը Ազգային սուգի օրուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն` գնահատելով Լիբանանն ու լիբանանեան բանակը:
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան` հաստատելով, որ Եգիպտոս կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նոյն խրամատին մէջ: