Լասըն Եւ Քաակ Կը Շնորհաւորեն Նախագահ Աունը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որ Եւրոպական Միութեան անունով շնորհաւորեց նախագահ Աունը` ահաբեկչութեան դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով: Լասըն ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակուած բանակայիններուն համար, թէ՛ անոնք, որոնք ճակատումներու ընթացքին նահատակուած էին եւ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայիններուն նահատակութեան սուգին առիթով: Լասըն վերահաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը: Ան...




















