Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի պիտի ներկայացնէ Լիբանանը` արաբ արտաքին գործոց նախարարներու 148-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին: Խորհրդաժողովը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 13 եւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ նահատակ բանակայիններուն թղթածրարը պէտք չէ քաղաքականացնել եւ շեշտը պէտք է դնել արձանագրուած յաղթանակին վրայ: Ան շեշտեց, որ բանակը կարողութիւն ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, երբ ատիկա կատարելու իմաստով քաղաքական որոշում գոյանայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ֆընէյշ անդրադառնալով Ծոցի երկիրներու հարցերով Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհանի յայտարարութիւններուն ըսաւ. «Այսպիսով Դիմադրութեան դէմ ցեխարձակումներ կատարողներուն թիւը մէկ հոգիով կ՛աւելնայ»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ նահատակ բանակայիններու թղթածրարին մասին բացուելիք հետաքննութիւնը պէտք է ըլլայ արդար եւ թափանցիկ: Ան շեշտեց, որ նախքան պետական ամավարկը աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումը մահացու սխալ մըն էր, որ գործուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլայի վախճանը սկսած է այդ օրէն, երբ մասնակցած է Սուրիոյ պատերազմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ բանակին արձանագրած յաղթանակը պէտք է դրական իմաստով ներդրել` աւելցնելով, որ հետաքննութեան հիման վրայ է, որ պատասխանատուութիւնները պիտի ճշդուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը ամրապնդուած է` լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային ազատագրումին ընդմէջէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն ազգային միասնականութիւնը աշխուժացնելու եւ վերադառնալու պետութեան ու սահմանադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացի պատրաստ է բանակին կողքին կռուելու` իր հողը պաշտպանելու համար թշնամի Իսրայէլէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ենթակայ է ձախողութեան, եթէ տիրող ներկայ կացութիւնը ինչպէս որ է շարունակուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հաստատեց, որ 2014-ին Լիբանանի մէջ տիրած քաղաքական երկփեղկումը պատճառ դարձաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կանգ առնէ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Սուրիա ամբողջական յաղթանակի ճամբուն վրայ կը գտնուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ձերբակալուած յանցագործներուն խոստովանութիւնները փաստած են, որ Արսալի նախկին քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի (ծանօթ` Ապու Աժինէ կեղծանունով) ուղղակիօրէն առնչուած է բանակայիններու թղթածրարին:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ ներքին լիբանանեան իմաստով սադրանքները արգիլուած են, նոյնիսկ բանակին եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Նախորդը

Թուրքիա Գերմանիոյ Երկու Նոր Քաղաքացիներ Ձերբակալած Է

Յաջորդը

Պըրրիի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Եգիպտոս Կը Պաշտպանէ Լիբանանի Շահերը» Շեշտեց Նաժարի

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?