Պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներ Եաագուպ Սարրաֆ եւ Աւետիս Կիտանեան երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Սարրաֆ յայտնեց, որ առանց բանակին շղթայազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին եւ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումին, Լիբանան պիտի մնար ահաբեկչութեան եւ վտանգի օղակին մէջ:
Ան նշեց, որ նահատակուած բանակայինները հերոսներ են, որոնց յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր էութեան եւ զգացումներուն մէջ: «Անոնց յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու համար», ըսաւ Սարրաֆ:
Ապա ան յայտնեց, որ պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնները պիտի կազմակերպեն յաղթանակի փառատօն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ նահատակ հերոսներուն մեծարանքը:
«Կը հրաւիրեմ բոլոր լիբանանցիները մասնակցելու յաղթանակի այս փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ այս յաղթանակը պիտի արձանագրուի իբրեւ կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը:
Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը կը յարգէ իր նահատակներն ու ննջեցեալները եւ կը մեծարէ զանոնք: «Ինչպէս որ սուգ պահել գիտենք, նոյնպէս ալ ուրախանալ գիտենք, իսկ այժմ յաղթանակը նշելու ժամանակն է: Այս առիթով անձնական հրաւէրներ չկան, որովհետեւ յաղթանակը ամբողջ Լիբանանին է», նշեց ան:
Իր կարգին, նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ յաղթանակի փառատօնը պէտք է նշուէր բանակին արձանագրած յաղթանակէն ետք, սակայն պէտք էր սպասել նահատակ մեր հերոսներուն աճիւններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն եւ անոնց յուղարկաւորութեան:
«Յաղթանակի այս փառատօնին ընդմէջէն մենք լիբանանցիները պիտի մէկտեղենք մէկ հրապարակի վրայ` նշելու համար պատմական իրադարձութիւն մը, որ արձանագրուեցաւ շնորհիւ զինեալ ուժերուն հսկայ ջանքերուն, ինչպէս նաեւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ պաշտպանութեան նախարարին հսկողութեամբ», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Զբօսաշրջութեան նախարարը մաղթեց, որ փառատօնին մասնակցի կարելի եղածին չափ հսկայ բազմութիւն մը` մեծարելու համար նահատակները եւ տօնելու համար բանակին նուաճումը:
«Փառատօնը պիտի ընդգրկէ քաղաքական պատգամներ, ինչպէս նաեւ ազգային երգեր` լիբանանցի կարգ մը երգիչներու կողմէ: Քաղաքական պատգամները պիտի հաստատեն, որ լիբանանեան բանակն ու պետութիւնը յաջողած են հսկայ նուաճում մը արձանագրել», շեշտեց Ա. Կիտանեան:
Սարրաֆ Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Միւս կողմէ, Սարրաֆ երէկ այցելեց հարաւային Լիթանի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գնդապետ-զօրավար Ռոպեր Ալամի եւ այդ շրջանին մէջ դիրքաւորուած վաշտերու պետերուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ իմացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Սարրաֆ այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ այդ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրիի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի կարգ մը սպաներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ բացատրութիւն լսեց սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող խաղաղութեան մասին, ապա անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, որոնց շարքին էին լիբանանեան օդային տարածքէն սուրիական հողերու ռմբակոծումն ու Սայտայի վերեւ ձայնի պատը ճեղքելու եւ քաղաքայիններուն սարսափ պատճառելու իսրայէլեան օդուժին արարքները:
Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան խախտումը եւ ՖԻՆԻՒԼ-էն պահանջեց յաւելեալ ճնշում բանեցնել` կասեցնելու համար իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, որոնց դիմաց Լիբանան լուռ պիտի չմնայ: Ան աւելցուց, որ այս ուղղութեամբ Լիբանան արդէն իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացուցած է:
«Կը մերժենք իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ կ՛աշխատինք աշխուժացնել մեր հաղորդակցութիւններն ու շարժումները` վերջ տալու համար այդ ոտնձգութիւններուն», հաստատեց ան:
Սարրաֆ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ անհրաժեշտ նկատեց Իսրայէլին պարտադրել, որ վերջ տայ այդ բանաձեւին գործադրութեան դէմ իր գործած մնայուն խախտումներուն:
Զօր. Պերրի իր կարգին շնորհաւորեց Սարրաֆը` բանակին արձանագրած յաղթանակին համար, շեշտելով, որ լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուած յաղթանակը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի եւ շրջանին վրայ:
Զօր. Պերրի ցաւակցութիւն յայտնեց բանակայիններու նահատակութեան առիթով:
Ապա Սարրաֆ եւ զօր. Պերրի այցելեցին ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին կեդրոնը, ուր քննարկուեցան լիբանանեան բանակին հետ միասնաբար երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: