Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Ֆոսթին Արշանժ Թուատերա Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը սկսաւ ուղղուելով Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղելով Նահատակաց յուշարձանին:
Ապա ան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թուատերա շեշտեց, որ պէտք է երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել` քաջալերելու համար լիբանանեան ներդրումները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն դերակատարութիւնը աշխուժացնել:
Թուատերա դրուատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«Մենք Լիբանանէն դասեր պէտք է քաղենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը կ՛ուզէ իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալ», շեշտեց Թուատերա:
Իր կարգին, Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան կ՛օգտուի Կեդրոնական Ափրիկէի բարիքներէն` շեշտելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան պէտք է կառչած մնալ:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թուատերա այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:



