Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. «Ռուսիա Ամբողջական Ընդառաջում Կը Ցուցաբերէ Լիբանանեան Բանակի Զինումին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Սեպտեմբեր 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան բանակին զինման վերաբերող հարցեր, լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, տնտեսական մարզի պարագային փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնն ու Սուրիոյ տագնապին լուծման վերաբերող հարցեր:

Մետվետեւ Հարիրին դիմաւորեց` հաստատելով, որ Ռուսիա կը փափաքի մնալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն բարեկամը:

Մետվետեւ ընդգծեց, որ Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր է Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ամրապնդումը:

«Մենք կը զօրակցինք Լիբանանի միասնականութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նպաստող ձեր քաղաքականութեան: Մեր երկիրները արդի աշխարհին մէջ կը դիմագրաւեն շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նախ եւ առաջ կը գտնուի ահաբեկչութեան հարցը: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը ահաբեկչութեան դէմ: Այդ յաղթանակը բաւական կարեւոր է, իսկ մենք պատրաստ ենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով Լիբանանի հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու», ըսաւ Մետվետեւ:

Ան աւելցուց, որ Հարիրի այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` մաղթելով, որ Հարիրիի այցելութիւնը լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններուն ամրապնդումին իմաստով նոր էջ մը բանայ:

Իր կարգին, Հարիրի մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները հասնին երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին է ահաբեկչութիւնը: «Ճիշդ է, որ մենք կրցանք յաղթել ահաբեկչութեան, սակայն մենք Ռուսիոյ նման բարեկամներու կարիք ունինք», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին ապահովուելիք քաղաքական լուծման ծիրին մէջ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ո՛չ միայն Լիբանանի պարագային, այլ նաեւ բոլոր երկիրներուն:

Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցիները լուրջ են Ռուսիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով` աւելցնելով, որ այս պահը պատմական է:

«Լիբանանի կառավարութեան մարտահրաւէրներէն մէկը նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու հարցն է», նշեց վարչապետ Հարիրի` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդել: «Մենք կ՛ապրինք խիստ լարուած շրջանի մը մէջ, եւ մեզի համար կարեւոր է Լիբանանը չէզոք պահել զինք շրջապատող բոլոր հարցերէն ու վտանգներէն: Մենք կրցած ենք մեր կայունութիւնը ամրապնդել եւ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներէն չէզոքացնել», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ Մետվետեւի հետ հանդիպումը եղած է դրական: «Ռուսիա ամբողջական ընդառաջում կը ցուցաբերէ լիբանանեան բանակի զինումին, յատկապէս իրմէ զէնք գնելու պարագային Լիբանանին դիւրութիւններ տրամադրելու իմաստով», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ ռուսական իշխանութիւնները վստահութիւն ունին Լիբանանի կառավարութեան եւ անոր համախոհութեան նկատմամբ, ինչ որ Մոսկուան կը մղէ Պէյրութի հետ իր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու:

Հարիրիի եւ Մետվետեւի հանդիպումին աւարտին Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուեցան հինգ համաձայնագիրներ` ճարտարարուեստի, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, տնտեսութեան եւ ներդրումի, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի պահպանման մարզերուն վերաբերող:

Լաւրովի Հետ

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով դրուատեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու Հարիրիի ջանքերը` շեշտելով, որ Մոսկուա պիտի ճշդէ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու չափանիշները:

Լաւրով գնահատեց Հարիրիի հետ հանդիպումը` Միջին Արեւելքի հարցերը քննարկելու եւ այդ մասին տեսակէտներ փոխանակելու առումով:

Լաւրով շնորհաւորեց Հարիրին Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին առիթով: Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու առումով լիբանանեան միասնականութիւնը գնահատելի է:

Լաւրով նաեւ ընդգծեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի երկրին կայունութիւնը պահպանելու իմաստով Լիբանանի կառավարութեան ճիգերուն:

Հարիրի իր կարգին մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պարփակէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` ընդգծելով, որ Լիբանան կը գիտակցի շրջանին մէջ Ռուսիոյ ունեցած կշիռին եւ դերակատարութեան կարեւորութեան:

 

Նախորդը

Բանակը Բացայայտեց Ականներու Պահեստանոց Մը

Յաջորդը

«Լիբանան Պիտի Արգիլէ, Որ Ահաբեկիչները Իրենց Նպատակները Իրագործեն» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?