Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, թէ Պըրրիին հաստատած է, որ Եգիպտոս կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին եւ անոր արձանագրած յաղթանակին առումով:
Նաժարի շեշտեց, որ Եգիպտոս բարձր կը գնահատէ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը` աւելցնելով, որ Պըրրիին յայտնած է Եգիպտոսի ցաւակցութիւնները` նահատակ բանակայիններուն առումով: Ան մաղթեց, որ ահաբեկչութիւն կոչուած մղձաւանջը հեռանայ Միջին Արեւելքէն:
Նաժարի աւելցուց նաեւ, որ Եգիպտոս կը պաշտպանէ Լիբանանի շահերը:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Պետական շաուրայի նախագահ դատախազ Հանրի Խուրի եւ Պետական պատկերասփիւռի կայանի լուրերու բաժինի տնօրէն Սաէպ Տիապ: