Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քաթարի Իշխանէն Ստացաւ Նամակ Մը

Սեպտեմբեր 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի նամակը:

Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած էր լիբանանեան-քաթարական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն:

Մըրի Թամիմ իշխանին ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին, որ իր կարգին իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց իշխանին եւ քաթարցիներուն` ընդգծելով Լիբանան – Քաթար երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն գոյութիւնը:

Թամիմ իշխանին յղած նամակին մէջ կար նաեւ հրաւէր մը` մասնակցելու «Միացեալ Նահանգներն ու իսլամական աշխարհը» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 17 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ:

Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` Միացեալ Նահանգներու եւ իսլամական աշխարհին միջեւ շինիչ երկխօսութեան մը ընդմէջէն տեսակէտներու մերձեցում յառաջացնելու նպատակով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահ Աունին իր կատարած այցելութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել բանակը` լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթան «համաճարակէ» փրկելուն առիթով:

Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նոր փուլ մը սկսի` քաջ գիտնալով, որ այդ բարձունքներուն վրայ բոյն դրած ահաբեկչութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ տնտեսութեան հսկայ վտանգ մը կը սպառնար:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ այս պայմաններուն լոյսին տակ անկարելի է նահատակներու ընտանիքներուն նեցուկ չկանգնիլ: «Մենք կը զօրակցինք նահատակներու ընտանիքներուն եւ կը հաստատենք, որ անոնց զաւակները նահատակուեցան ի խնդիր Լիբանանի: Կը մաղթենք, որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի` նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարին շուրջ հարցականները շատ են», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ բանակը Լիբանանի ազգային ուղեգիծին հիմնասիւնն է, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ հաւատքին ոգին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Վատիկանի կրթական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ժոզեֆ Վերսալտին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազարի եւ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոսին:

Վերսալտի ողջունեց նախագահ Աունը եւ շեշտեց, որ Վատիկան կը փափաքի Լիբանանը տեսնել օրինակելի տիպար մը: Ան նշեց, որ Լիբանան շարք մը դժուարութիւններ դիմագրաւած է նախորդ փուլին, սակայն անով հանդերձ լիբանանեան բանակը կրցած է երկրին բարձունքները ահաբեկչական բջիջներէ մաքրագործել եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի:

 

Նախորդը

Անցնող Շաբաթը Կատակ Չէր

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Պաքու – Անգարա – Թիֆլիս Միացեալ Ճակատ Կ՛ուզէ` Արցախի Եւ Աբխազիոյ Հարցերուն Գծով

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?