ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող վերջին իրադարձութիւններուն:
Ան զգուշացուց նահատակ բանակայիններու առեւանգումին մասին բացուելիք հետաքննութիւնը շահագործելէ` անձնական եւ քաղաքական շահեր ու նպատակներ հետապնդելու միտումով:
Հարցազրոյցին մանրամասն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով: