Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ  Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է ընտրութիւններուն համար կատարուած նախապատրաստական աշխատանքի մանրամասնութիւններէն` հաստատելով, որ այդ աշխատանքները լուրջ են եւ արդէն իսկ 70 առ հարիւրով աւարտած: Մաշնուք նշեց, որ երկրին...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Պեքաայի Եւ Հարաւային  Լիբանանի Բնակիչներուն Խիտ Շարքերով  Ուղղուելու Քուէարկութեան

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Պեքաայի Եւ Հարաւային Լիբանանի Բնակիչներուն Խիտ Շարքերով Ուղղուելու Քուէարկութեան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի նաւթային հարստութեան դէմ իսրայէլեան յարձակումը զսպող միակ միջոցը Դիմադրութիւնն է: Ան նշեց, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր գոյութիւն չունին այլեւս` աւելցնելով, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքին նպատակը շիի համայնքի միացեալ ճակատ մը կազմելը չէ, այլ` յոյս եւ հաւատարմութիւն: Ան աւելցուց, որ իրենք ոչ մէկ ընտրաշրջանի...

Վարչապետ Հարիրի Եւրոպական Դրամատան  Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց  Դրամատնային Կարգ Մը Ծրագիրներ

Վարչապետ Հարիրի Եւրոպական Դրամատան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Դրամատնային Կարգ Մը Ծրագիրներ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման  եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Շաքրապարթին, որուն հետ քննարկեց դրամատնային կարգ մը ծրագիրներ: Հանդիպումէն ետք Շաքրապարթի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կրնայ դրական որակել` նկատի ունենալով դրամատնային մարզին մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցի, վերանորոգուող ուժանիւթի եւ նաւթատարերու մարզերուն վերաբերող կարգ մը համաձայնագիրներ ստորագրելու կարելիութիւնները: Շաքրապարթի հաստատեց, որ իրենք կը...

Քանաան. «Ներքին Գործոց Եւ Ելեւմուտքի  Նախարարութիւններուն  Պիւտճէները Վաւերացուեցան»

Քանաան. «Ներքին Գործոց Եւ Ելեւմուտքի Նախարարութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուեցան»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն վարչութիւնները: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը նախարարութիւններու վարչութիւններուն հետ վաւերացուցած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն պիւտճէները: Քանաան հաստատեց, որ բնակարանային վարկեր յատկացնելու օրէնքին կասեցումը ընդունելի չէ, «որովհետեւ անիկա կը սպառնայ քաղաքացիներուն բնակութեան...

Ապպուտ. «Ուսուցիչները Հինգշաբթի Օր  Ընդհանուր Գործադուլ Պիտի Կատարեն»

Ապպուտ. «Ուսուցիչները Հինգշաբթի Օր Ընդհանուր Գործադուլ Պիտի Կատարեն»

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ ուսուցիչները հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին, ընդհանուր գործադուլ մը պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին դիմաց պիտի կատարեն բողոքի նստացոյց մը` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ կրթութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումին ընթացքին: Ապպուտ շեշտեց, որ իրենց կատարածը կանխարգիլող քայլ մըն է, որովհետեւ աշխատավարձի յաւելման վերաբերող թիւ 46 օրէնքը ուսուցիչին համար կարմիր գիծ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը վստահին միջազգային բոլոր որոշումներուն: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յետաձգեց Աքքարի մէջ «Օժերօ»-ի կեդրոններուն մէջ իր կատարելիք շրջապտոյտը: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ նշեց, որ աւելի լաւ պիտի...

«Կ՛աշխատինք Բռնկած Հրդեհը Հակակշռել,  Իսկ Ոմանք Կ՛աշխատին Հրդեհներ Բռնկեցնել»  Հաստատեց Վարչապետ Հարիրի

«Կ՛աշխատինք Բռնկած Հրդեհը Հակակշռել, Իսկ Ոմանք Կ՛աշխատին Հրդեհներ Բռնկեցնել» Հաստատեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պէյրութի մարզաւանին մէջ հովանաւորեց շրջանաւարտ հրշէջներու յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի սորվեցուցած է իրենց ինչպէս դառնալ երկրին պաշտպանները, ինչպէս չէզոքացնել հրդեհները եւ ինչպէս հսկել օրէնքին գործադրութեան եւ կարգ ու կանոնին պահպանումին: «Մենք պետութեան, պետական հաստատութիւններուն, օրինականութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, արաբականութեան եւ չափաւորականութեան պահապաններն ենք: Այս է մեր դերակատարութիւնը: Այս...

Պասիլ Եւ Երեսփոխանական Ընտրութեանց  Կարգ Մը Թեկնածուներ Այցելեցին Քեսրուան

Պասիլ Եւ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Կարգ Մը Թեկնածուներ Այցելեցին Քեսրուան

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ` ընկերակցութեամբ երեսփոխանական ընտրութեանց թեկնածուներ Շամել Ռուքոզի, Ռոժէ Ազարի, Շարաֆ Ապու Շարաֆի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներու, երէկ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ներկայ իրավիճակը: Միւս կողմէ, Պասիլ, ընկերակցութեամբ Շամել Ռուքոզի, Մանսուր Պոնի, Շարաֆ...

Մաշնուք Մեկնարկը Կատարեց  «2018. Լիբանան Կ՛ընտրէ» Կարգախօսին

2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ. Ընտրական Դաշինքներն Ու Ընտրացանկերը Հետզհետէ Կը Յստականան

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ ընտրական դաշինքներն ու ընտրացանկերը հետզհետէ սկսան յստականալ: Ընտրապայքարի ծիրին մէջ սկսան շեշտուիլ նաեւ քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն ու պատասխանատուներուն միջեւ ցեխարձակումները: Քեսրուան-Ժիպէյլ ընտրաշրջանի թեկնածու Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Մանսուր Պոն մաս կը կազմէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին: Ռուքոզ աւելցուց, որ Ժիպէյլի շիի համայնքի թեկնածուին հարցը պիտի լուծուի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին` աւելցնելով, որ շիի...

Քաուք. «Սէուտական Միջամտութիւնները  Լիբանանցիները Իրարու Դէմ Կը Լարեն»

Քաուք. «Սէուտական Միջամտութիւնները Լիբանանցիները Իրարու Դէմ Կը Լարեն»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի մէջ ցաւակցական հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եմէնի մէջ կիներուն, մանուկներուն ու ծերերուն դէմ ոճիրներ գործող եւ Եմէնը արեան ծովի մէջ խեղդած ու անոր բնակչութիւնը աղքատութեան գօտիով շրջափակած երկիրը արաբներուն եւ այս դարու Հիթլերն է: «Իսկ Իրանը այն պետութիւնն է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ օժանդակեց` ՏԱՀԵՇ-ին յաղթելու, եւ առանց Իրանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն խիտ շարքերով  մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ Շուֆի մէջ կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին ընդգծեց ազատ հայրենիք մը եւ փտածութենէ զուրկ պետութիւն մը կերտելու կարեւորութիւնը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց խիտ շարքերով ուղղուելու դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ` հաստատելով, որ անիկա քաղաքական ընտրանքի հանրաքուէն է: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի...

«Հռոմ 2». Կոչ` Վերսկսելու Ազգային Պաշտպանութեան  Ռազմավարութեան Քննարկումին Եւ Յանձնառու  Մնալու Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան

«Հռոմ 2». Կոչ` Վերսկսելու Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Քննարկումին Եւ Յանձնառու Մնալու Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան

Հինգշաբթի օր Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, որ պաշտօնական կեցուածքներով հանդէս եկած էր, երէկ նոյն տեսակէտները կրկնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տեղեկագիրին մէջ, որ եռամսեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ եւ որուն մէջ Հըզպալլա յստակ կերպով թիրախ կը դառնայ: Տեղեկագիրին մէջ Կութիերես լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն,...

«Միջին Արեւելքի Մէջ Լիբանան Երկիր Մըն Է,  Ուր Բոլորը Հանգիստ Կը Զգան»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Միջին Արեւելքի Մէջ Լիբանան Երկիր Մըն Է, Ուր Բոլորը Հանգիստ Կը Զգան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ ֆրանսական «Էվենըման» միութեան: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆրանսական եւ համաշխարհային ճամբորդական գրասենեակներու եւ միջազգային խորհրդաժողովներ, համագումարներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպող գործակալութիւններու 70 տնօրէններ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը գտնուի նախարարութեան հրաւէրով` աւելցնելով, որ նախարարութեան ռազմավարութիւնն է Լիբանանը վերածել Միջին Արեւելքի մէջ համագումարներու եւ...

Մաշնուք Մեկնարկը Կատարեց  «2018. Լիբանան Կ՛ընտրէ» Կարգախօսին

2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Զարգացումներ

Ընտրական դաշինքները յստակացնելու եւ վերջնականացնելու շրջագիծին մէջ, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընտրական դաշինքի կարելիութիւնը պիտի յստականայ յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին: Միւս կողմէ, Զահլէի մէջ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի, որ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է, որոշեց միանալ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի ընտրացանկին: Իսկ Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանին մէջ ընթացք առած ընտրապայքարին վերաբերեալ Հըզպալլայի...

Քանաան. «Պահանջուածը Վստահութեան  Վերահաստատումն Է, Հետեւաբար Ինչ Որ Պէտք Է Ըսել`  Կատարեալ Պատասխանատուութեամբ  Պիտի Յայտարարենք»

Քանաան. «Պահանջուածը Վստահութեան Վերահաստատումն Է, Հետեւաբար Ինչ Որ Պէտք Է Ըսել` Կատարեալ Պատասխանատուութեամբ Պիտի Յայտարարենք»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, թէ յանձնախումբը արդէն իսկ սերտած է 2018-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ ըստ նախարար Խալիլի զեկուցումին, ամավարկին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ չկան, հակառակ անոր որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը աւելի նուազ է, քան 2017-ի պետական ամավարկը:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Եգիպտոսի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Խալետ Ապտել Ղաֆարը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Պէյրութի եւ Գահիրէի համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւնն ու ուսանողներու փոխանակումը: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ իսլամական բանտարկեալներուն համաներում շնորհելու մասին տեղեկատուական մարզին մէջ տարածուած լուրերը պարզապէս այդ մարզին եւ անոր աղբիւրներուն կը վերաբերին: ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ արգելափակեալներու ընտանիքները երէկ Թրիփոլիի...

«Հռոմ 2» Խորհրդաժողովը Կը Հաստատէ  Լիբանանի Ապահովական  Կայունութեան Կարեւորութիւնը

«Հռոմ 2» Խորհրդաժողովը Կը Հաստատէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու նպատակով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հռոմի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ` մասնակցութեամբ 41 երկիրներու: Յայտնենք, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հրաւէրով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւս երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ...

Լիբանան – Եւրոպական  Դրամատուն Գործակցութեան  Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Լիբանան – Եւրոպական Դրամատուն Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Շաքրապարթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Եւրոպական դրամատան ներդրում ունենալու Լիբանանի ընդհանուր ծառայութիւններու մարզը բարելաւելու գործին մէջ, յատկապէս ճամբաներու, նաւահանգիստի, օդակայանի, ինչպէս նաեւ կրթական եւ բժշկական մարզերու բարելաւումը: Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց նաեւ ուժանիւթի մարզի հոգատարութեան կարեւորութիւնը, գլխաւորաբար նկատի...

Լիբանան Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ   Գրագիտուհի Էմիլի Նասրալլային

Լիբանան Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Գրագիտուհի Էմիլի Նասրալլային

Լիբանան երէկ իր վերջին հրաժեշտը տուաւ լիբանանցի գրագիտուհի Էմիլի Նասրալլային, որ մահացաւ չորեքշաբթի օր: Գրագիտուհիին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Զահլէի մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ասեմ Արաժիի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով յուղարկաւորներու: 1931-ին ծնած Էմիլի Նասրալլա վիպագիր է եւ ունի մանկական...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը  Կոչ Ուղղեց Կասեցնելու Քաղաքացիական  Ծառայութեան Խորհուրդէն Դուրս  Պաշտօնեաներու Նշանակումը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կասեցնելու Քաղաքացիական Ծառայութեան Խորհուրդէն Դուրս Պաշտօնեաներու Նշանակումը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պլոքը կոչ ուղղեց կասեցնելու քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդէն դուրս պաշտօնեաներու նշանակումը: Պլոքը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն գործնական լուծումի մը յանգելու` Հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ելեկտրականութիւն ապահովելու եւ վերջ մը տալու այժմու ողբերգական վիճակին: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդալու ընթացքին շեշտեց,...

Page 660 of 987 1 … 659 660 661 … 987

Արխիւներ