Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պէյրութի մարզաւանին մէջ հովանաւորեց շրջանաւարտ հրշէջներու յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի սորվեցուցած է իրենց ինչպէս դառնալ երկրին պաշտպանները, ինչպէս չէզոքացնել հրդեհները եւ ինչպէս հսկել օրէնքին գործադրութեան եւ կարգ ու կանոնին պահպանումին:
«Մենք պետութեան, պետական հաստատութիւններուն, օրինականութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, արաբականութեան եւ չափաւորականութեան պահապաններն ենք: Այս է մեր դերակատարութիւնը: Այս է Պէյրութի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:
Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ հրշէջ դառնալու համար պէտք է Պէյրութի եւ անոր բնակիչներուն հաւատարիմ ըլլալ, որովհետեւ Պէյրութը կը պարփակէ ամբողջ Լիբանանը:
«Մենք եւս կ՛աշխատինք քաղաքական գետնի վրայ բռնկած հրդեհը հակակշռել, իսկ ոմանք կ՛աշխատին հրդեհներ բռնկեցնել», եզրափակեց ան` շնորհաւորելով շրջանաւարտ հրշէջները:
Միւս կողմէ, շաբաթ օր վարչապետ Հարիրի բացումը կատարեց Պարպուր շրջանի փառատօնին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանը պէտք է պաշտպանել իրենց գործերով:
Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կապոյտ աչքը վերածած է իր կարգախօսին, որովհետեւ իսկապէս անոր կարիքը կը զգայ` երկիրը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ:
Ապա վարչապետ Հարիրի շրջեցաւ Պարպուրի փողոցներուն մէջ եւ հանդիպեցաւ վաճառատուներու սեփականատէրերուն, ողջունեց զանոնք, լսեց անոնց պահանջները եւ լուսանկարներ ստացաւ անոնց հետ:
Նշենք, որ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի ընտանիքներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան յայտնեց, թէ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նպատակն էր զօրակցիլ եւ հզօրացնել լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք իրենց կարգին պիտի նպաստեն լիբանանեան պետութեան իշխանութեան ամրապնդումին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մնայ բոլոր լիբանանցիներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորող միակ հեղինակութիւնը: