Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի մէջ ցաւակցական հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եմէնի մէջ կիներուն, մանուկներուն ու ծերերուն դէմ ոճիրներ գործող եւ Եմէնը արեան ծովի մէջ խեղդած ու անոր բնակչութիւնը աղքատութեան գօտիով շրջափակած երկիրը արաբներուն եւ այս դարու Հիթլերն է: «Իսկ Իրանը այն պետութիւնն է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ օժանդակեց` ՏԱՀԵՇ-ին յաղթելու, եւ առանց Իրանի օժանդակութեան ու զոհողութիւններուն ՏԱՀԵՇ տիրած կ՛ըլլար Ծոցի երկիրներուն եւ հասած կ՛ըլլար Եւրոպայի խորերը», ըսաւ ան:
Քաուք շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի մէջ գործուած վերջին չարիքները անոր միջամտութիւններն են, որոնք լիբանանցիները իրարու դէմ կը լարեն:
Ան հաստատեց, որ Ռիատ միջամուխ կը դառնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքական լարուածութիւն կը ստեղծէ` Լիբանանը առաջնորդելով դէպի նոր գրգռութիւններ:
Քաուք նկատել տուաւ նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամտելով եւ Հըզպալլայի մրցակից թեկնածուներուն զօրակցելով, Սէուտական Արաբիա կը փափաքի փոխել երկրին ներքին քաղաքական տարազները:
Քաուք հաստատեց, որ շրջանին մէջ թշնամի Իսրայէլի միակ պատուհասը Դիմադրութիւնն է, որ արաբական արժանապատուութիւնը պահպանող ամրոցն է, իսկ Սէուտական Արաբիա այն երկիրն է, որ կ՛ուղղուի Իսրայէլի հետ բարեկամանալու եւ շրջանի ժողովուրդներուն հետ թշնամանալու: