Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ. Ընտրական Դաշինքներն Ու Ընտրացանկերը Հետզհետէ Կը Յստականան

Մարտ 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ ընտրական դաշինքներն ու ընտրացանկերը հետզհետէ սկսան յստականալ:

Ընտրապայքարի ծիրին մէջ սկսան շեշտուիլ նաեւ քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն ու պատասխանատուներուն միջեւ ցեխարձակումները:

Քեսրուան-Ժիպէյլ ընտրաշրջանի թեկնածու Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Մանսուր Պոն մաս կը կազմէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին: Ռուքոզ աւելցուց, որ Ժիպէյլի շիի համայնքի թեկնածուին հարցը պիտի լուծուի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին` աւելցնելով, որ շիի թեկնածուին ինքնութեան առումով Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւններ չկան:

Նշենք, որ Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք յայտարարեց:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ յայտարարեց «Մեթնը` Լիբանանի սիրտը» ընտրացանկը` հաստատելով, որ պէտք է ընտրել փտածութեան դէմ եւ ի նպաստ քաղաքացիներուն շահերուն:

Նշենք, որ երեկոյեան Ռիաշի հանդիպում մը ունեցաւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի հետ: Քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող զարգացումները:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները Զահլէի մէջ յայտարարեցին իրենց միացեալ «Զահլէն` մեր հարցը» անունը կրող ընտրացանկը:

Ընտրացանկը յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի:

Նշենք, որ Զահլէի յոյն կաթողիկէ թեկնածու Միշել Սքաֆ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` քննարկելու համար Զահլէի վերաբերող ընտրական շարք մը հարցեր:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ Մաժտալ գիւղաքաղաքին մէջ ընտրական միթինկի մը ընթացքին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են եւ անոնք պիտի ստեղծեն նոր Լիբանան մը:

Պաալպեք-Հերմելի մէջ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտարարեց «Յոյսի եւ հաւատարմութեան» ընտրացանկը:

Ան հաստատեց, որ իրենց ներկայացուցած շրջանը արժանի է պետութեան ուշադրութեան եւ հոգատարութեան:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի Ապտէի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք քուէատուփերուն մէջ պիտի պայքարին Հըզպալլայի զէնքին, ընտրացանկերուն եւ գործակալներուն դէմ:

Իր կարգին, Մարատա հոսանքի թեկնածու, երեսփոխան Սելիմ Քարամ իր ընտրամեքենայի աշխատանքի մեկնարկը կատարելու պահուն յայտնեց, որ Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքը իր բովանդակած բարդութիւններով մուտք գործած է «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրք:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շարունակեց Սայտայի ընտանիքներուն եւ հեղինակութիւններուն հետ իր հանդիպումները` երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին:

Իր կարգին, Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխան Ղազի Արիտի շեշտեց, որ իրենք դէպի ընտրապայքար մուտք կը գործեն` հզօր կամքով եւ ղեկավարութեան նկատմամբ մեծ վստահութեամբ:

 

Նախորդը

Քաուք. «Սէուտական Միջամտութիւնները Լիբանանցիները Իրարու Դէմ Կը Լարեն»

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Կարգ Մը Թեկնածուներ Այցելեցին Քեսրուան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?