Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ ուսուցիչները հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին, ընդհանուր գործադուլ մը պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին դիմաց պիտի կատարեն բողոքի նստացոյց մը` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ կրթութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումին ընթացքին:
Ապպուտ շեշտեց, որ իրենց կատարածը կանխարգիլող քայլ մըն է, որովհետեւ աշխատավարձի յաւելման վերաբերող թիւ 46 օրէնքը ուսուցիչին համար կարմիր գիծ է:



