Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն խիտ շարքերով  մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ Շուֆի մէջ կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին ընդգծեց ազատ հայրենիք մը եւ փտածութենէ զուրկ պետութիւն մը կերտելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց խիտ շարքերով ուղղուելու դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ` հաստատելով, որ անիկա քաղաքական ընտրանքի հանրաքուէն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ընտրութիւններուն հետ լաւ վարուիլը կը հզօրացնէ Դիմադրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ զգուշացուց շրջանին եւ անոր հարստութիւններուն սպառնացող վտանգներէն, որոնք կը միտին հզօրացնել թշնամի Իսրայէլը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ գուրգուրանքի ցուցաբերումը կարեւոր յառաջխաղացք մըն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ լիբանանեան վարչակարգը փտած է եւ երբեք կարելի չէ զայն արմատական բարեկարգումի ենթարկել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է մասնակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն` բարձրացնելու համար քուէարկութեան համեմատութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Ժըպ Ժըննինի մէջ կատարած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ իրենց առաջին եւ վերջին նպատակը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի կամ յարձակումի դիմադրելու համար պատրաստուելու: Քասեմ աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման առումով հորիզոնին վրայ լուծման ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ Փարիզ Լիբանանի նկատմամբ իր յանձնառութիւններուն մէջ հաւատարիմ է եւ իր յանձնառութիւնները կը շարունակէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա կը ջանայ Լիբանանի հետ զինուորական գործակցութիւնը բարելաւել` աւելցնելով, որ այդ իմաստով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են: Զասիփքին հաստատեց, որ ռուս ժողովուրդը քաջ կը գիտակցի լիբանանեան հանրութեան մէջ կայունութիւնը սփռելու կարեւորութեան:

ԱՐԳԵԼԱՓԱԿՈՒԱԾ իսլամականներու ընտանիքները երէկ բողոքի նստացոյց մը կազմակերպեցին Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին դիմաց եւ համաներում պահանջեցին:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը Դարձեալ Օրհնեց Բազմահազար Ուխտաւորները

Յաջորդը

Քաուք. «Սէուտական Միջամտութիւնները Լիբանանցիները Իրարու Դէմ Կը Լարեն»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.