Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Եգիպտոսի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Խալետ Ապտել Ղաֆարը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Պէյրութի եւ Գահիրէի համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւնն ու ուսանողներու փոխանակումը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ իսլամական բանտարկեալներուն համաներում շնորհելու մասին տեղեկատուական մարզին մէջ տարածուած լուրերը պարզապէս այդ մարզին եւ անոր աղբիւրներուն կը վերաբերին:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ արգելափակեալներու ընտանիքները երէկ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին ազատ արձակել իրենց հարազատները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը դրական երեւոյթ է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի համար պաշտպանութեան լաւագոյն ռազմավարութիւնը «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ն է, որ կ՛ընդգծէ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի` աւելցնելով, որ պետական պիւտճէի մսխումին վերջ մը պիտի դրուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ պետականութեան ծրագիրը հզօրացնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ իրենք երկխօսութեան ռահվիրաներ են եւ հանդարտութեամբ կրնան զրուցել` առանց լարուածութիւններու մէջ ներքաշուելու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը վերածել համերաշխութեան օրինակելի վայրի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կասկածի տակ առնել, իսկ այդ ընտրութիւններուն կայացման հազիւ երկու ամիս մնացած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարն ու կասկածելի ծրագիրներու կասեցումը լիբանանեան պետութիւնը կերտելու ճամբուն սկիզբը կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը կը նախատեսէ, որ կազմուելիք յաջորդ խորհրդարանին մէջ 8-10 երեսփոխան ունենայ, եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները համապատասխանեն հոսանքին նախատեսութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութիւնը թափանցիկ մեքանիզմ կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու ծրագիր մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ նախագահ Աուն լիբանանեան բանակին արժանապատուութիւնը չի կրնար կոխկռտել եւ ուղղուիլ դէպի համաներում, որ կրնայ ընդգրկել նաեւ բանակայինները գլխատող ոճրագործները:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու ազգային հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոնի Լահուտ շեշտեց, որ 15 մարտէն առաջ իրենց հաստատութեան դիմած եւ բնակարանային վարկերու նախնական վաւերացում ստացած բոլոր թեկնածուները իրենց վարկերը պիտի ստանան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մասնակցող տարբեր երկիրներու պատասխանատուները վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեցին Լիբանանի կողմէ շրջանային տագնապներուն մէջ չներքաշուելու կարեւորութիւնը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարը Հռոմի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, լիբանանեան բանակին նկատմամբ կատարեալ զօրակցութեան խոստումներ ստացած է:

Նախորդը

Մինչ Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Ռէյհանը. Աւելի Քան 4000 Քաղաքացիներ Երէկ Հեռացան Արեւելեան Ղութայէն

Յաջորդը

Քանաան. «Պահանջուածը Վստահութեան Վերահաստատումն Է, Հետեւաբար Ինչ Որ Պէտք Է Ըսել` Կատարեալ Պատասխանատուութեամբ Պիտի Յայտարարենք»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.