ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը վստահին միջազգային բոլոր որոշումներուն:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յետաձգեց Աքքարի մէջ «Օժերօ»-ի կեդրոններուն մէջ իր կատարելիք շրջապտոյտը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ նշեց, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ելեկտրականութեան թղթածրարին քննարկումը յետաձգուի մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, եւ վաւերացուի կազմուելիք նոր կառավարութեան կողմէ: Միւս կողմէ, Համատէ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի ընդգծեց, որ Դիմադրութեան մշակոյթը հարուածելու դաւադրութիւններուն լոյսին տակ` պէտք է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենց ծրագիրը օրէնքի պետութեան կերտումն է, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան երաշխաւորումը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի հաստատեց, որ պէտք է պատմութենէն դասեր քաղել` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի ընտրապայքար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ իրենք երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին «Յոյսի եւ հաւատարմութեան» ընտրացանկով, որովհետեւ կը ներկայացնեն ազգային Դիմադրութեան ուղեգիծ մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ինք միայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուն կրնայ ըլլալ եւ միայն այդ ընտրացանկին կրնայ մաս կազմել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի թաղապետներու մեծարման յատուկ ձեռնարկին ընթացքին կոչ ուղղեց բոլորին քուէարկելու ի նպաստ Մուսթաքպալ հոսանքին, որպէսզի սիւննի չափաւորական ձայնը խորհրդարանին մէջ տիրական մնայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքին համաձայն, քաղաքական դաշնակիցները կը վերածուին հակառակորդներու, իսկ հակառակորդները` դաշնակիցներու:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլա կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութեանց մասնակցելու հիմնուելով գիտակցութեան վրայ եւ ոչ թէ յարանուանական եւ կուսակցական ծայրայեղութեան:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ կոչ ուղղեց վերջ տալու ասորի համայնքին անտեսումին եւ զօրակցելու հանրապետութեան հզօր նախագահին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Թալալ Արսլան խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ` կազմելու համար միացեալ ընտրացանկ մը, որուն մաս պիտի կազմէ նաեւ Ղովմի կուսակցութիւնը:


