Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Մարտ 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է ընտրութիւններուն համար կատարուած նախապատրաստական աշխատանքի մանրամասնութիւններէն` հաստատելով, որ այդ աշխատանքները լուրջ են եւ արդէն իսկ 70 առ հարիւրով աւարտած:

Մաշնուք նշեց, որ երկրին քաղաքական  ուժերուն միջեւ արձանագրուած ներկայ լարուածութիւնը եւ ելեկտրականացած մթնոլորտը ընտրութիւններուն մաս կը կազմէ եւ պիտի աւարտի երեսփոխանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:

Մաշնուք նշեց, թէ այս ընտրութիւններուն շնորհիւ է, որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերը ճշգրիտ կերպով պիտի ներկայացուին:

Մաշնուք յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին արդիւնքները` հաստատելով, որ միջազգային ընտանիքը նկատի առած է նախագահ Աունի կողմէ Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ համոզուած է, թէ Լիբանանի կայունութիւնը միջազգային կայունութեան մաս կը կազմէ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ռումիէի քաղաքապետարանի մէկ պատուիրակութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին Ժտէյտէ-Ռումիէի բանտ փակ ճամբան բանալու որոշումին համար:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան շրջանցած է նախկին փուլը, որուն ընթացքին երկիրը խեղդուած էր զանազան տագնապներու մէջ:

«Արդէն իսկ սկսած ենք քաղաքացիին համար կայունութիւն եւ ազատութեան մթնոլորտ ապահովել: Կը մաղթենք, որ լիբանանցիները պահպանեն իրենց հանդարտութիւնը, որովհետեւ այս ընտրութիւնները պիտի ապահովեն խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւնը այն մեծամասնութեան, որ յանձնառու է քաղաքացիներու շահերուն ապահովումին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի կազմակերպէ եւ կարգաւորէ Լիբանանի քաղաքական կեանքը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արդարութեան նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ` ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոսի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհաւորեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը` անոր վերընտրութեան առիթով:

Նշենք, որ նախագահ Աուն չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 35 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Պեքաայի Եւ Հարաւային Լիբանանի Բնակիչներուն Խիտ Շարքերով Ուղղուելու Քուէարկութեան

Յաջորդը

Արցախի Պետական Նախարար Արա Յարութիւնեանի Հանդիպումները Մելպուրնի Մէջ

RelatedPosts

Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Էրտողանի, Ապպասի Եւ Սուտանիի Հետ
Լիբանանեան

Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Էրտողանի, Ապպասի Եւ Սուտանիի Հետ

Սեպտեմբեր 21, 2023
Հայր Էլի Քեսրուանի Մահացած Գտնուած Է
Լիբանանեան

Հայր Էլի Քեսրուանի Մահացած Գտնուած Է

Սեպտեմբեր 21, 2023
Միւֆթի Տըրիան Ապպաս Իպրահիմի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Լիբանանեան

Միւֆթի Տըրիան Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Սեպտեմբեր 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In