Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Եւրոպական Դրամատան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Դրամատնային Կարգ Մը Ծրագիրներ

Մարտ 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման  եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Շաքրապարթին, որուն հետ քննարկեց դրամատնային կարգ մը ծրագիրներ:

Հանդիպումէն ետք Շաքրապարթի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կրնայ դրական որակել` նկատի ունենալով դրամատնային մարզին մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցի, վերանորոգուող ուժանիւթի եւ նաւթատարերու մարզերուն վերաբերող կարգ մը համաձայնագիրներ ստորագրելու կարելիութիւնները:

Շաքրապարթի հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին գործակցիլ քաղաքապետարաններուն հետ` օժանդակելու համար սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալող ընկերութիւններուն: Ան նշեց, որ տեղահանուածներուն հարցով քաղաքապետարաններէն ակնկալուած ծառայութիւններու ճնշումը մեծ է:

Շաքրապարթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման  եւրոպական դրամատունը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի ունենայ իր յատուկ գրասենեակը` աւելցնելով, որ իրենք անհամբեր կը սպասեն 6 ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան «Սետր» միջազգային խորհրդաժողովին:

Ան ընդգծեց, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման  եւրոպական դրամատունը մեծ թիւով աշխատանքներ ունի կատարելիք Լիբանանի մէջ:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը` ընկերակցութեամբ դրամատուներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆթուհի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ դրամատնային իրադարձութիւնները, յատկապէս 2018-ի պետական ամավարկին եւ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն ապահովող միջազգային խորհրդաժողովներուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Քանաան. «Ներքին Գործոց Եւ Ելեւմուտքի Նախարարութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուեցան»

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Պեքաայի Եւ Հարաւային Լիբանանի Բնակիչներուն Խիտ Շարքերով Ուղղուելու Քուէարկութեան

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?