Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Գրագիտուհի Էմիլի Նասրալլային

March 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան երէկ իր վերջին հրաժեշտը տուաւ լիբանանցի գրագիտուհի Էմիլի Նասրալլային, որ մահացաւ չորեքշաբթի օր:

Գրագիտուհիին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Զահլէի մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ասեմ Արաժիի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով յուղարկաւորներու:

1931-ին ծնած Էմիլի Նասրալլա վիպագիր է եւ ունի մանկական հեքիաթներ, որոնք մրցանակներու արժանացած են:

Գրագիտուհին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ արժանացած էր Մայրիներու հրամանատարի աստիճանի շքանշանին` գնահատելու համար անոր գրական վաստակը:

Նախագահ Աուն գուժեց Էմիլի Նասրալլայի մահը` շեշտելով, որ Լիբանանի յիշողութեան մէջ գրագիտուհին մեծ տեղ պիտի գրաւէ իր գործերով, որոնք մարդկային արժէքներու, հողին, հայրենիքին ու ինքնութեան կառչած մնալու կոչեր էին:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ Էմիլի Նասրալլայի մահով Լիբանան եւ արաբ ժողովուրդը կորսնցուցած են գրականութեան եւ ստեղծագործութեան խորհրդանիշ մը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա գուժեց Նասրալլայի մահը` շեշտելով, որ Լիբանանն ու արաբական աշխարհը գրական հարուստ ժառանգութիւն ձգած վիպագիրին կարօտով պիտի ապրին:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խոր կսկիծով գուժեց Էմիլի Նասրալլայի մահը` շեշտելով, որ իր գործերով ան արաբական վիպագրութեան մէջ ձգած է իր իւրայատուկ դրոշմը:

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի հաստատեց, որ 87-ամեայ լիբանանցի գրագիտուհին իր գործերով մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ հաստատեց, որ Էմիլի Նասրալլայի մահով Լիբանան կը կորսնցնէ բարձր մակարդակի գրագիտուհի մը եւ լիբանանցի կնոջ ու անոր մտաւոր կարողութիւններն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող լիբանանցի կնոջ խորհրդանիշ մը: Ան նշեց, որ Էմիլի Նասրալլա Լիբանանի համար հպարտութեան աղբիւր է:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն գուժեց Էմիլի Նասրալլայի մահը` շեշտելով, որ ան լիբանանցի վաստակաւոր գրագիտուհի է եւ իր գործերով յաւիտեան պիտի ապրի:

 

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կասեցնելու Քաղաքացիական Ծառայութեան Խորհուրդէն Դուրս Պաշտօնեաներու Նշանակումը

Յաջորդը

Լիբանան – Եւրոպական Դրամատուն Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.